Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Տեառնընդառաջի եւ սիրոյ ու երիտասարդութեան խորհրդանիշ Ս. Սարգիսի զօրավարի տօներուն առիթով երէկ` հինգշաբթի, 13 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմենեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սիրերգութեան երեկոյ» մը, որուն ընթացքին ասմունքի, երգի եւ երաժշտութեան ընդմէջէն ներկաները ապրեցան սիրոյ եւ գեղեցկութեան քնարային երեկոյ մը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց տօնին կարեւորութիւնը` հարց տալով, որ երբ ունինք Ս. Սարգիս զօրավարի սիրոյ եւ երիտասարդութեան տօնը, ինչո՞ւ հետեւինք օտար Սեն վելընթայններու տօներուն: Ան ընդգծեց սիրոյ կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ` նշելով, որ սէրը կ՛ազնուացնէ հոգին: Ներկայացնելով օրուան հիւր ասմունքող Իրմա Տէտէեանը` Կիրակոսեան կարեւոր նկատեց անոր շունչին տակ հասաւ նետող նոր սերունդին մասնակցութիւնը այսպիսի յայտագիրներու` շեշտելով, որ այդ սերունդին անդամները ապագային պիտի դառնան մէկական զինուորներ հայոց լեցուի պահպանման դժուարին գործին մէջ:

Յայտագիրին առաջին բաժինը սկսաւ Յասմիկ Պերթիզլեանի երգով. ան մեկնաբանեց «Առաջին սիրոյ երգը» եւ «Էվըր կրին» երգերը:

Ապա Վահան Տէրեանի մէկ քերթուածէն հատուած մը կարդաց Արի Կարպուշեան, իսկ Արզնի Արսլանեան կարդաց Սիլվա Կապուտիկեանի «Երգ երգոց»-ը:

Մարիա Գալֆայեան հանդէս եկաւ «Ասում են թէ մոռացել ես» երգով, ապա յաջորդաբար Յակոբ Թաշճեան եւ Կայա Գարամանուկեան երգեցին Գէորգ Էմինի, Վահագն Դաւթեանի եւ Համօ Սահեանի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, իսկ Նարօտ Մոմճեան կարդաց Յովհաննէս Շիրազի եւ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն:

Այնուհետեւ Մարիա Գալֆայեան մեկնաբանեց «Տլէ եաման»-ը, իսկ Սագօ Եագուպեան կարդաց Եղիշէ Չարենցի «Ծիածան»-ը, Յովիկ Թաֆրանեան «Առաջին սիրոյ երգը» մեկնաբանեց` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սարգիս Հալաճեանի:

Առաջին բաժինի վէրջաւորութեան Արին Թաշճեան կարդաց Ալիսիա Կիրակոսեանի գործերէն, ինչպէս նաեւ Պարոյր Սեւակի «Նամակ»-էն կտոր մը:

Կիթառով ելոյթ ունեցաւ Եսայի Սգայեան:

Իրմա Տէտէեան երեկոյի ընթացքին մերթ ընդ մերթ իր քնարային ոճով կախարդեց ներկաները եւ սիրոյ բանաստեղծութիւններ ներկայացնելով իր գագաթնակէտին հասցուց ներկաներուն մտային թռիչքը: Ան ներկայացուց Պարոյր Սեւակի «Դու» եւ «Նամակ», Վահան Թէքէեանի «Քու յիշատակը այս գիշեր», Ռուբէն Սեւակի «Նամակ», Ռամզիկ Դաւոյեանի «Բաց քո կեղեւը ծառ», եւ վերջապէս` Զահրատի «Երկու հատ մոմ» քերթուածները:

Յայտագիրին երկրորդ բաժինով ընթերցումներ կատարեցին Սերուժ Յովսէփեան` Վահան Թէքէեանի «Անունդ» քերթուածը, Վանայ Ճենանեան` Վահրամ Մաւեանի «Յանկերգ սիրոյ եւ տրտմութեան» քերթուածը, ապա Ռազմիկ Տէրունեան` Զարեհ Մելքոնեանի «Երկու գիծեր» բանաստեղծութիւնը:

«Երգ-երգոց» երգի մրցանքի մրցանակակիր Ալիս Իփրաճեան աշուղական համարժէք ձայնով ներկայացուց Սայաթ Նովայի «Քամանչա»-ն` առաւել եւս ներշնչելով ներկաները, որմէ ետք Սիլվա Քիւրքճեան կարդաց Զարեհ Խրախունիի «Կաթիլներ»-ը, իսկ Սարգիս Կիրակոսեան եւ Խաչիկ Տէտէեան իրենց քերթուածներէն հաստուածներ կարդացին:

Երեկոն եզրափակուեցաւ Ալիս Իփրաճեանի կողմէ «Ամպից կորաւ լուսնկան» երգին մեկնաբանութեամբ:

Related Post