Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը սովորականէն տարբեր օր մը ապրեցաւ շաբաթ, 8 փետրուարին, որովհետեւ կեդրոնի պատասխանատուները, ուսուցիչները, աշակերտները, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները ընդունեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ կեդրոն:

Առաջնորդ սրբազանը իւրաքանչիւր յարկի վրայ հետեւեցաւ գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտներու դասընթացքներուն, ունկնդրեց անոնց նուագն ու երգեցողութիւնը, դիտեց արուեստի ծաղկումն ու զարգացումը իւրաքանչիւր մարզի մէջ` մասնագէտ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ եւ հսկողութեամբ:

Այցելութեան վերջին հանգրուանը  «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահն էր, ուր արտասանուեցան բարի գալուստի խօսքեր եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր:

Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ Շահէ եպս. Փանոսեանի ներկայութիւնը ողջունեց եւ անոր բարի գալուստ մաղթեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս այցելութիւնը ինքնին պատուաբեր եւ գօտեպնդող է բոլորին համար: Անդրադառնալով կեդրոնի տարած բազմաճիւղ գործունէութեան` Կ. Գապասագալեան յայտնեց, որ հայ մշակոյթի պահպանման եւ գոյատեւման իմաստով անիկա սփիւռքի մէջ կը հանդիսանայ բացառիկ կեդրոն մը` փաստելով, որ Լիբանանը կը շարունակէ մնալ սփիւռքահայութեան սիրտն ու տրոփող բազկերակը: Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ առաջնորդ սրբազանը կը հանդիսանայ գեղարուեստի դպրոցներուն հոգեւոր հայրը:

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը հիմնուած է լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ հանգրուանին, երբ յուսահատութիւնը տիրական էր. այդ մթնոլորտին մէջ կեդրոնը դրական տրամադրութիւն ստեղծեց, դարձաւ ու կը շարունակէ մնալ յուսատու կրթարան: Յ. Լատոյեան յայտնեց, որ գեղեցիկն ու արուեստը ըմբոշխնելու եւ զայն սերունդներուն փոխանցելու իմաստով կեդրոնը եղաւ իւրայատուկ կառոյց մը ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ համայն սփիւռքահայութեան համար: Ըստ անոր, «Լեւոն Շանթ»¬ը նաեւ կոչուեցաւ ըլլալու գործնական եւ ամրակուռ կամուրջ մը` Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, յատկապէս մշակութային գործակցութեան իմաստով:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը յայտնեց, որ մինչ այսօր յոռի երեւոյթները, բազում մարտահրաւէրները կը վտանգեն պատանիներուն եւ երիտասարդներուն առողջ աճը, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն մէջ անոնց կը տրամադրուի ընտանեկան եւ դաստիարակութեան առողջ մթնոլորտ, հայկական արժէքներու իւրացման իւրայատուկ առիթ: Ըստ Լատոյեանի, առողջ ու զօրաւոր լիբանանահայութիւնը զօրաւոր կը դարձնէ նաեւ համայն հայութիւնը. բան մը, որուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի մշակութային այս կեդրոնը:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մինաս Ադամեան` երգով, դաշնակի ընկերակցութեամբ երաժշտանոցի ուսուցիչներէն Արեւիկ Գրիգորեանի, դաշնակի վրայ նուագով` Անժելա Պէօճեքեան, ջութակի վրայ նուագով` Հրակ Տեմիրճեան եւ Մարինէ Հալաճեան, որոնց դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ Նարէ Աղասարգիսեան:

Աւարտին իր գոհունակութեան ու սրտի խօսքը արտասանեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ յայտնեց, թէ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը իր կերտած վաստակով եւ հայութեան կեանքին մէջ ունեցած ներդրումով արդէն իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ունի հայկական իրականութեան մէջ: Ան մեծ ուրախութեամբ դիտել տուաւ, որ գոհունակութիւն եւ հպարտութիւն է տեսնել նոր սերունդի զաւակներուն սերտ կապը արուեստին հետ, գիտակցիլ, որ անոնք ունին դէպի գեղեցիկն ու մշակոյթը բացուելու առիթ` այս կեդրոնին մէջ, ուր պատանիներն ու երիտասարդները կրնան զարգացնել իրենց աստուածատուր տաղանդը, որպէսզի ապագային դառնան հայութեան եւ համաշխարհային կեանքին մէջ նշանաւոր անձնաւորութիւններ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը հաստատեց, որ ողջունելի է տեսնել, թէ դէպի արուեստ ու մշակոյթ առաջնորդելու այս առաքելութիւնը առաջնահերթ նկատուած է, որովհետեւ անոնց ընդմէջէն նոր սերունդները կ՛երթան դէպի հայկական ինքնութիւն, արմատներ, դէպի հարազատն ու ինքնուրոյնը: Անոր համաձայն, նիւթի տիրապետութեան այս ժամանակաշրջանին նման մշակութային կեդրոն մը եւ հոն տարուած շնորհակալ աշխատանքը մեծ կարեւորութիւն կը զգենուն, որովհետեւ նոր սերունդները գործնականօրէն կը կապուին իրենց ինքնութեան, կը ծանօթանան իրենց դարաւոր մշակոյթին եւ կանուխ տարիքէն անոնց մէջ կ՛արմատանայ պատկանելիութեան զգացումը:

Շահէ եպս. Փանոսեան անդրադարձաւ նաեւ այն երեւոյթին, որ կեդրոնը կրնայ տարբեր դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուիլ, սակայն հաւաքական ճիգով, հաւատքով եւ առաքելութեան կառչածութեամբ կարելի է յաղթահարել ամէն տեսակ մարտահրաւէր եւ խոչընդոտ` կերտելու համար հայկականութեամբ տրոփող ապագայ:

Իր խօսքը եզրափակելով առաջնորդ սրբազանը վերահաստատեց, որ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ կը կատարուի արհեստավարժ, կարեւոր ու մեծ աշխատանք, որուն ականատես եղաւ ինք եւ յոյսով է, որ նման առիթներ շարունակական ըլլան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Related Post