Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ երէկ` կիրակի, 30 օգոստոս 2015-ին Անթիլիասի կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ` հանգուցեալի մահուան քառասունքի հոգեհանգստեան պաշտօնէն անմիջապէս ետք` ներկայութեամբ անոր ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, ազգային, միութենական ներկայացուցիչներու եւ ընկերներու:

Իրմա Տէտէեան

Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան

Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Իրմա Տէտէեան: Ան յայտնեց, որ յուշ-հանդիպումը կը զուգադիպի Սարգիս Կիրակոսեանի մահուան քառասունքին եւ կը համախմբէ անոր անձը, գաղափարը, վաստակը յարգող բարեկամ ծանօթներ, ապա աւելցուց, որ Սարգիս Կիրակոսեանի անդարձ մեկնումով լիբանանահայ մեծ ընտանիքը կորսնցուց սփիւռքահայ բանաստեղծ մը, գրականագէտ մը, կրթութեան եւ մշակոյթի մշակ մը, խմբագիր մը, հայոց լեզուի, զոր կը խնամէր բծախնդրութեամբ ու սիրով, մեծ պաշտպան մը, կորսնցուց վաստակաւոր ուսուցիչ մը: Սարգիս Կիրակոսեան մեկնեցաւ այս աշխարհէն վաղաժամ մահով մը` շատ ծրագիրներ ու գործ կիսատ ձգած: Մեզի մնաց եւ պիտի մնայ անոր վառ յիշատակը: Ի. Տէտէեան հաստատեց, որ լիբանանահայ գաղութը երախտագիտութեամբ անոր վաստակը պիտի արժեւորէ ու ապրեցնէ:

Բացման խօսքէն ետք հայր Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան ապրումով ասմունքեց Սարգիս Կիրակոսեանի գրական անդաստանէն բանաստեղծութիւններ: Ապա Աւետիս Ագրապեան մեկնաբանեց «Երբ ալեկոծ» երգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յարութիւն Մկրտիչեանի:

Ապտօ Լապաքի

Ելոյթ ունեցաւ լիբանանցի գրող Ապտօ Լապաքի: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպիսի՛ մնայուն ներկայութիւն էր Սարգիս Կիրակոսեան հայ գրականութեան մէջ, եւ թէ ինչպէ՛ս կը հաւաքէր, կը ստուգաբանէր, կը պատմագրէր, կը թարգմանէր, կը սորվեցնէր ու կը հետեւէր իրմէ ծնունդ առած ստեղծագործութիւններուն, եւ որոնց կը գուրգուրար ինչպէս մայր մը իր նորածինին. իսկ այս բոլորը կ՛ընէր, որովհետեւ նախանձախնդիր էր հայ մշակոյթի ժառանգութեան, որուն դռներէն մէկուն պահապանն էր ինք` Սարգիս Կիրակոսեան, իր ներաշխարհով:

Ա. Լապաքի հաստատեց, որ Ս. Կիրակոսեան արաբական գրականութեան մէջ ալ ներկայութիւն էր. ան երկու մշակոյթները իրարու կապող կամուրջ մը դարձած էր: Ապա ըսաւ, թէ Ս. Կիրակոսեան բանաստեղծը իր խիղճին մէջ կը պահէր ժողովուրդի մը դատը, որ տակաւին կը պայքարի արդարութեան համար, պատմական փայլուն ներկայութեան մը համար, որ խտացումն է հաւատքի ու քաղաքակրթութեան:

Ա. Լապաքի ըսաւ. «Իմ ընկերս էր ան, որուն հանդիպեցայ գրականութեան հովանիին տակ: Աշխարհիկ մտահոգութիւններն ու հոգերը արգելք չէին անոր, որ կառուցէր եւ իր ձեռքով ամրացնէր մեխերը իր սեփական  սանդուխին` բարձրանալու եւ հասնելու կեանքի ընդհանուր սկզբունքներուն»:

Ա. Լապաքի նշեց, թէ ինչպէ՛ս համեստօրէն կը խօսէր Ս. Կիրակոսեան բացականերուն անունով ու զանոնք կը վերակենդանացնէր, ճիշդ անոնց հագագով, որով տակաւին կարծես կը շարունակեն երգել հայրենի հողին հետ շաղախուած իրենց ոտանաւորները, որոնք կը հասնին մինչեւ այն երկիրը, ուր մայր Հայաստանի զաւակները կը հաստատեն իրենց նախահայրերու քաղաքակրթութիւնն ու մարդկային արժէքները: Ան հաստատեց, որ բազմիցս այս երեւոյթին վկան եղած է  Սարգիս Կիրակոսեանին հետ մասնակցելով բազմաթիւ բանաստեղծական ձեռնարկներու Երեւանի եւ Արցախի մէջ:

Ա. Լապաքի եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Վաղաժամ հեռացար մեզմէ, մտերի՛մ ընկեր. մենք տակաւին կը սպասէինք խոստացած գրական գործերուդ, հարուստ վաստակիդ: Մենք բացակայութիւնդ կը զգանք թէ՛ իբրեւ հայ, եւ թէ՛ արաբ բանաստեղծ: Քեզ պիտի կարօտնանք ազնիւ մարդու քու ներկայութեամբ, բարի բնաւորութեամբ, հաւատարիմ ընկերութեամբ եւ մաքուր յարաբերութեամբ: Բայց այս է մահը.  երբ ուզէ շնչել անմահութեան բոյրը, կ՛ընտրէ մաքուրները. երանի մաքուրներուն, քանզի անոնց է երկնքի արքայութիւնը»:

506_8-30-15

Ապա «Կռո՜ւնկ, ուստի կու գաս» երգը նուագեցին Բալիկ Լատոյեան` դաշնակով, եւ Նայիրի Ղազարեան` թաւջութակով:

Յակոբ Լատոյեան

Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Յակոբ Լատոյեան: Ան ըսաւ, թէ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած ձեռնարկներուն մնայուն ներկայութիւն էր Սարգիս Կիրակոսեան, եւ անպայման ունէր իր արտասանելիք խօսքը` գրական թէ գեղարուեստական: Սարգիս Կիրակոսեանը խօսքի վարպետ էր: Իսկ այս պահուն ի՛նչ ալ ըսենք պակասաւոր կը մնայ, որովհետեւ պիտի չունենայ Սարգիս Կիրակոսեանի բառամթերքին հարստութիւնն ու պատկերաւորութիւնը:

Յ. Լատոյեան ըսաւ, թէ Ս. Կիրակոսեան պիտի մնայ մեր մտքերուն մէջ իր եռանդով, կորովով համեստ ու խօսուն աչքերով: Անոր բացակայութեամբ պիտի զգանք, որ բոպիկ ենք: Ապա աւելցուց, որ 40 օր անցաւ արդէն այն օրէն, երբ հողին յանձնեցինք Սարգիս Կիրակոսեանի անշնչացած մարմինը: Իսկ այսօր հաւաքուած ենք նոյն վայրին մէջ, երբ քանի մը ամիս առաջ անոր գիրքի գինեձօնը կազմակերպեցինք: Սարգիս Կիրակոսեան համեստ, բարի, մարդկային տիպար մըն էր: Լաւ մարդ էր, լաւ մտաւորական:  Բոլորս անոր վաստակին առջեւ կը խոնարհինք ու միշտ պիտի խոնարհինք:

Յ. Լատոյեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Սիրելի՛ Սարգիս, մեզմէ դժբախտաբար հեռացար  այն պահուն, երբ քու եւ քու նմաններուդ կարիքը կը զգանք: Մտաւորականութեան մը տերեւաթափումին ականատես կ՛ըլլանք, մինչ սփիւռքը լուրջ մարդուժի կարիքը ունի: Այս հաւաքին խօսք կու տանք, որ կիսատ մնացած ծրագիրներդ անպայման շարունակենք, պիտի աշխատինք ջահը վառ պահել»: Ապա Լատոյեան աւարտեց խօսքը մէջբերելով Սարգիս Կիրակոսեանի տողերը. «Եւ ես կու գամ մահուան երկրէն չմահացած, չմահացած մահէն ծնած զաւակն անոր` կու գամ ձեզի, զի ես կ՛ապրիմ առանց փառքի եւ ես կ՛այրիմ առանց յանգի` յար եւ նման ամենազօր, աշխարհակալ մահուան հզօր, որովհետեւ մահը երբոր ինձ այցելեց, իմ մարմնիս մէջ եւ հոգիս մահացումի, ոչնչացման ան արժանի գտաւ ոչինչ»:

518_8-30-15497_8-30-15Ապա Կարօ Քէլէշեան մեկնաբանեց «Պարզիր աղբիւր» երգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յարութ Մկրտիչեանի:

Մեղրի Կիրակոսեան-Սարգիսեան

Նանօր Տէր Սարգիսեան

Կիրակոսեան ընտանիքին կողմէ խօսք առաւ հանգուցեալին դուստրը` Մեղրի Կիրակոսեան-Սարգիսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան այս հանդիպումին կազմակերպման համար, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն ու բարեկամներուն, որոնք գտնուեցան այս դժուար օրերուն Կիրակոսեան ընտանիքին կողքին` բաժնեկցելով անոր ցաւը: Ան ըսաւ, թէ իր հօր` Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակը անթառամ պիտի մնայ բոլորին սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:

Նանօր Տէր Սարգիսեան կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ցաւակցագիր նամակները, ինչպէս նաեւ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի մահախօսականը:

Տեսահոլովակով մը ցուցադրուեցան Սարգիս Կիրակոսեանի զանազան առիթներով ունեցած ելոյթներուն արտասանած խօսքերէն հատուածներ:

Սեպուպ արք. Սարգիսեան

Խօսք առաւ նաեւ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Ան նկատել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Սարգիս Կիրակոսեան ոգեղինացումով ստեղծագործեց եւ տուաւ գրական գանձեր, որոնք հայ ժողովուրդի մտաւոր եւ հոգեւոր ստեղծագործութիւններն են: Ապա ըսաւ, թէ Ս. Կիրակոսեան հոգի դառնալով եղաւ հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը: Ան ամբողջ էութեամբ կը հաւատար հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն, լիցքաւորուած էր հայ ժողովուրդի մշակութային գանձերով: «Թէեւ մեռաւ, բայց կ՛ապրի եւ պիտի շարունակէ ապրիլ: Կը հաւատանք, որ երբ անձ մը հոգիէն ու հոգիով արարէ, կ՛անմահանայ», ըսաւ Սեպուհ սրբազան:

Խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը փոխանցեց նաեւ Թեհրանի գրողներու միութեան, գրասէր հասարակութեան եւ բազմաթիւ բարեկամներու ցաւակցութիւններն ու վշտակցութիւնը Սարգիս Կիրակոսեանի ընտանիքի անդամներուն եւ բոլոր բարեկամներուն ու հարազատներուն:

 

Լուսանկարները` ԺԱՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆի

Related Post