Սփիւռքահայ հանրածանօթ գրագէտ, կրթական մշակ` Մուշեղ Իշխանի (Մուշեղ Ճենտերէճեան) ծննդեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 27 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութախառն հաճելի «Յիշատակի երեկոյ» մը: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած  այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Սարգիս Կիրակոսեան` նշելով, որ այս երեկոն կու գայ այն ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, որոնք նուիրուած են Մուշեղ Իշխանին եւ որոնց սկիզբի ազդանշանը տրուեցաւ 21 մարտին` լիբանանահայ վարժարաններուն մասնակցութեամբ, անոր քերթուածներուն արտասանական մրցանքով: Նմանապէս Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով` Յակոբ Գառնեշեան ներկայացուց ձեռնարկի յայտագիրին գլխաւոր կէտերը: Ապա ներկայացուեցաւ Մուշեղ Իշխանի հարազատ ձայնով ինքնակենսագրական տեսերիզ մը:

Այնուհետեւ օրուան գլխաւոր բանախօս, Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Մուշեղ Իշխան «մարդը», որ  նախկին Հայ ճեմարանի առաջին սերունդէն եղած է եւ անոր երկարամեայ վաստակաւոր ուսուցիչներէն: «Մուշեղ Իշխան, որ ծնողազուրկ, տնազուրկ, հայրենազուրկ էր` կեանքին նայելու յատուկ եղանակ ունէր», ընդգծեց Ճինպաշեան` նշելով, որ ան ահեղ ճակատամարտ կը մղէր ի պաշտպանութիւն աշակերտներուն, իրեն գործակից ունենալով «Սըր»-ը (Անթուան Քէհեայեան): «Տերվիշի երեւոյթով այս իրա՛ւ մտաւորականը ամէնէն բարդ հարցերը ներկայացուցած է ամէնէն պարզ բառերու գրականութեամբ», շարունակեց Տիգրան Ճինպաշեան` յիշեցնելով, որ (Ճեմարանի  տնօրէն) Լեւոն Շանթ Ճեմարանի նպատակ ճշդած էր «լաւ մարդը եւ լա՛ւ հայը» ահաւասիկ Մուշեղ Իշխանը` լաւ մարդը եւ լաւ հայը, բոլորիս անզուգական Մուշեղ Իշխանը: Ճինպաշեան նաեւ անդրադարձաւ Մուշեղ Իշխանի ճեմարանական կեանքին, երբ ան ուսուցիչ ըլլալով միաժամանակ նշանակուած էր փոխտնօրէն, որ սակայն գրասենեակ չունէր եւ միշտ ոտքի, գործի վրայ էր:

Ապա Մուշեղ Իշխանի աշակերտուհիներէն ու Ճեմարանի  ֆրանսերէնի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Շաղիկ  Մկրտիչեան ներկայացուց Մուշեղ Իշխան բանաստեղծը` հատուածներ ընթերցելով անոր «Կրակ» խորագրեալ բանաստեղծութիւններու շարքէն: Ապա ան ֆրանսերէն մէջբերումներ կատարեց ֆրանսացի գրող Պոտլերէն ու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ գրագէտներէն` Դանիէլ Վարուժանէն, բաղդատական եզրեր որոնելով անոնց միջեւ:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր մերթ ընթ մերթ ելոյթ ունեցան Անժելինա Սարգիսեան, ասմունքելով Մուշեղ Իշխանի «Յիշեցէք զիս» բանաստեղծութիւնը, Մուշեղ Իշխանի հարազատներէն` Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերէճեաններ ջութակի վրայ նուագեցին «Սիրուհիս»` դաշնակի ընկերակցութեամբ` Նարէ Աղասարգիսեանի: Նմանապէս ելոյթ ունեցան` «Գուսան» նուագախումբը` խմբավարութեամբ Գօգօ Ալոզեանի, դաշնակի վրայ` Յասմիկ Գասպարեան, «Նանարի Նա» եւ «Հայրենի կարօտ» քերթուածներու կատարողութեամբ: Իսկ  Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան Մուշեղ Իշխանի «Մայրիկիս» բանաստեղծական  հաճելի ասմունքով տպաւորեց ներկաները:

Աւարտին ներկաները ծանօթացան ու գնեցին Գառնիկ Բանեանի եւ Մուշեղ Իշխանի գործերէն հատորներ:

Related Post