Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի զոյգ վարչութիւններուն, երէկ` ուրբաթ, 29 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի բարեզարդուած սրահին բացումը:

 

Զոյգ վարչութիւններուն անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անդամ Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ ուրախ առիթ մըն է որ համախմբած է բոլոր ներկաները, եւ այդ առիթը բարեզարդուած սրահի բացումն է, որ կարելի եղաւ իրագործել Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեան ամոլի վեհանձն նուիրատուութեամբ` աւելցնելով, որ անոնք սոյն նուիրատուութիւնը կատարեցին ի յիշատակ իրենց եղբօր` Մուրատ Յարութիւնեանի:

Այնուհետեւ Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեան ամոլը կատարեցին քողազերծումը իրենց եղբօր` Մուրատ Յարութիւնեանի նուիրուած յուշատախտակին:

«Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Գազանճեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններուն եւ ըսաւ, որ բարեզարդուած սրահը իր դռները պիտի բանայ բոլորին դիմաց, ըլլան անոնք Համազգայինի անդամներ կամ համակիրներ:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հայ մշակոյթին մէջ ունեցած երկար տարիներու ներդրումին` շեշտելով նման կեդրոն մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի միասնաբար շարունակուի սկսած առաքելութիւնը: Մարտիկ Տեմիրճեան իր կարգին շնորհակալական խօսք ուղղեց բարերարին:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներ Նաթալի Աբոքեան` տուտուկի վրայ եւ Կայէլ Գրիգորեան` քանոնի վրայ:

Արմէն Յարութիւնեան իր սրտի խօսքին մէջ յորդորեց ներկաները նման նախաձեռնութիւններ կատարելու եւ նուիրատուութիւններ կատարելով նպաստելու գաղութին:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Attachments
  • 5-29-15_vratzian1

Related Post