Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ հինգշաբթի, 25 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի դաշնակահար փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանի կողմէ զեկուցում-ներկայացում` «Արամ Խաչատուրեանը` հայ մշակոյթի համաշխարհային խորհրդանիշը» խորագիրով:

Աշոտ Ճենտերեճեան քանի մը խօսքով ձեռնարկին բացումը կատարեց:

Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեան, որ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն է, հարց տուաւ, թէ քանի՛ հոգի ինքզինք իբրեւ հայ կը ծանօթացնէ Արամ Խաչատուրեանով:

Գրիգորեան աշխարհահռչակ հայ երաժիշտին կենսագրականը ներկայացուց տուն-թանգարանին ներկայացումին ընդմէջէն: 1976 թուականին հիմնուած է թանգարանը, որ նախապէս Արամ Խաչատուրեանին նուիրուած է Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Ի դէպ, 1947-ին Արամ Խաչատուրեանին, Աւետիք Իսահակեանին, Հայկանուշ Դանիէլեանին եւ Յովհաննէս Բաղրամեանին առանձնատուներ շնորհուած էին Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ:

1984-ին մեծ շուքով բացուեցաւ տուն-թանգարանը եւ տարբեր երկիրներէ հիւրեր ներկայ եղան բացումին:

Տուն-թանգարանին մէջ տասը սրահներ կան, որոնք կը ներկայացնեն Խաչատուրեանի կեանքն ու ստեղծագործութիւնները:

Նախիջեւանէն Թիֆլիս տեղափոխուած ընտանիքի զաւակ Խաչատուրեանը իր ասպարէզին ընթացքին 50 երկիր այցելած է` հիւրախաղերու հրաւիրուելով:

Գրիգորեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Խաչատուրեանի Լիբանան այցելութեան` մէջբերելով Խորհրդային Միութեան հիւպատոս Պետրոս Պետրոսեանի յուշերէն հատուած մը, ուր նկարագրուած է Արամ Խաչատուրեանի պատմական այցելութիւնը Լիբանան: Գրիգորեան նաեւ յիշեց Արամ Խաչատուրեանի այցելութիւններէն մէկ քանին, ինչպէս` այցելութիւնը Իրան, ուր շահը յոտնկայս ծափահարած է ի տես Արամ Խաչատուրեանի կախարդական կատարողութեան: Թեհրանի հանդիսատեսները հինգ անգամ «պիս» կանչելով կատարումի կրկնութիւն պահանջած են Խաչատուրեանէն:

6-26-15_Arminee1Յատկանշական դրուագներէն Գրիգորեան պատմեց Չարլի Չափլինի հետ Զուիցերիոյ հանդիպումին մասին: Չափլին հիւրընկալած է Խաչատուրեանը եւ իր աշխատասեղանէն անոր ձայնապնակը հանած ցոյց տուած է հայազգի երաժշտահանին: Չափլին Արամ Խաչատուրեանին նուիրած է վարդի փունջ, զոր վերջինս մինչեւ վերջ իր մօտ պահած է տունը:

Զեկուցումէն ետք Գրիգորեան տեսաշարի ցուցադրութեամբ ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը եւ անոր գործունէութիւնը, որմէ ետք Գրիգորեան Խաչատուրեանի հեղինակութեամբ «Թոքաթթա»-ն նուագեց դաշնակի վրայ:

Ապա Գրիգորեան հերթաբար ներկաներուն հարցումներուն պատասխանեց:

Գրիգորեան ընդգծեց, որ Արամ Խաչատուրեան առաջին խորհրդային քաղաքացին էր, որ Հռոմի պապին կողմէ ընդունուեցաւ:

Արամ Խաչատուրեանի անուան տուն-թանգարանի տնօրէնը շեշտեց, որ մեծավաստակ հայ երաժիշտին ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ ներկայացուած չէ աշխարհի մէջ, եւ տակաւին ահագին աշխատանք ունինք Խաչատուրեանը աշխարհին ճանչցնելու իմաստով:

Գրիգորեան եզրափակեց Արամ Խաչատուրեանի մարդկային եւ ազգասիրական արժանիքները վկայող յուշեր վկայակոչելով:

Attachments
  • 6-26-15_arminee1

Related Post