

Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով, երէկ` հինգշաբթի, 27 մարտ 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Կարմիր Գլխարկիկ»-ը թատերգութեան եռօրեայ ներկայացումին:
Արդարեւ, յատուկ այս նպատակով` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորած գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանեցին հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտներ` դերուսոյց բեմադրիչ Կարէն Խաչատրեան եւ երաժշտական յօրինող Մարթին Վարդազարեան: Բեմադրիչ Կարէն Խաչատրեան յաջողեցաւ կարճ ժամակամիջոցի մը ընթացքին «մարզել» Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի պատանիները` «Կարմիր Գլխարկիկ»-ի համաշխարհային պատգամը վերյիշեցնելու բոլորին, մանուկներուն ե՛ւ մեծերուն:
Այս իմաստով, երէկուան թատերգութեան ներկայ գտնուեցան լիբանանահայ կարգ մը վարժարաններու աշակերտներ, որոնք խանդավառութեամբ հետեւեցան թատերգութեան զարգացումներուն, յաճախ իրենց մեկնաբանական կոչերով ընդմիջելով:
17-րդ դարու ֆրանսական գրականութեան ծանօթ դէմքերէն Շարլ Փերոյի հեղինակած ու աւելի ուշ խորհրդային գրող Եւկինի Լվովիչ Շուարցի կողմէ բարեփոխուած «Կարմիր Գլխարկիկ» խորագրեալ այս մանկական հեքիաթը պատգամ մը կը փոխանցէ միաժամանակ փոքրերուն եւ մեծերուն, թէ` բարին որքան ալ անտեսուի կամ իրաւազրկուի, ի վերջոյ պիտի յաջողի յաղթահարել արգելքները եւ պարտադրել իր տեսակէտը: Բարիի եւ չարի այս փիլիսոփայական «երկխօսութիւն- ճակատումը» ակներեւ էր «Արեգ» թատերախումբի պատանի դերասաններուն մօտ, ուր կարմիր գլխարկով փոքրիկ աղջնակը (Սիլվիա Տեմիրճեան) իր ոճով կը փորձէ պաշտպանել թռչունները (Սէետլանա Միքայէլեան եւ Ինեսա Քեչեկ)` իր կողքին ունենալով որսորդները (Շահան Հաւաթեան եւ Նարեկ Քելեշեան) եւ նապաստակը (Գոհար Գարակէոզեան): Սակայն անոր հիմնական մտահոգութիւնը իր տարեց մեծ մօր (Մարի Ռոզ Մանուկեան) առողջութիւնն ու ապահովութիւնն է: Կարմիր Գլխարկիկ կ՛ուզէ ամէն գնով պահպանել իր «զինակիցները» անտառի անասուններուն` աղուէսին (Լոռի Իսթիլեան) թէ արջին (Արամ Ադամեան) թշնամական վերաբերմունքէն: Հայրենի երաժշտական յօրինող Մարթին Վարդազարեանի յօրինած երաժշտութեամբ «Արեգ»-ի դեռատի այս դերասանները այնքա՜ն հաճելի ու հարազատօրէն խաղացին իրենց դերերը, որ յաճախ հանդիսատես մանուկները ձայնակցեցան իրենց` զօրակցութեան թէ զգուշութեան կոչերով ու աղաղակներով: Հայրենի բեմադրիչ Կարէն Խաչատրեան յաջողած էր իր առաքելութեան մէջ` «Արեգ»-ի դերասաններուն միջոցով լիբանանահայ դեռատի աշակերտներուն թէ մանուկներուն մօտ չարի եւ բարիի զանազանութեան գիտակցութիւնը կենդանացնելով: Իսկ իր բեմադրութեամբ ու տիեզերական պատգամներով մեծերուն մօտ կը վերակենդանացնէ անոնց երբեմնի մանկական աշխարհի յիշատակները: «Եթէ քանի մը տասնամեակ առաջ մարդկութեան գիտակցութեան մէջ կար այն փիլիսոփայութիւնը, որ բարիի յաղթանակին համար բաւարար է բարի ըլլալը եւ չարը բոլոր պարագաներուն պէտք է պարտուի, ապա հիմա գիտակցութեան փոփոխութիւնը կու գայ հաստատելու այն ճշմարտութիւնը, որ բարին յաղթելու համար պէտք է ըլլայ ուժեղ, նախաձեռնող, համարձակ , ընկերասէր եւ … ահա այս մասին է ներկայացումը եւ հիմնականին մէջ այս նպատակով ընտրած ենք «Կարմիր Գլխարկիկ»-ի հեքիաթը», կը յայտնէ հայրենի բեմադրիչ Կարէն Խաչատրեան իր մէկ յայտարարութեան մէջ:
Կենդանական թէ մարդկային այս աշխարհին մէջ պիտի շարունակուին գայլի ու իր հետեւորդներուն աւերիչ արարքները: Նմանապէս եւ պիտի շարունակեն` արդարադատութեան ու խաղաղութեան ջատագով` «Կարմիր Գլխարկիկ»-ն ու իր «զինակից» որսորդները, նուազագոյն վնասով փրկելու համար գայլերու հետապնդած զոհերը:
Բեմադրութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր` ուրբաթ 28, վաղը` շաբաթ, 29 եւ կիրակի, 30 մարտ 2014-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ: