ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Երգ երգոց» մրցանքին երկրորդ փուլը տեղի ունեցաւ 17 նոյեմբեր 2013-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ։ Ներկայ  եղաւ հետաքրքրասէր բազմութիւն մը, որ եկած էր լսելու շնորհալի մրցակիցներուն հաճելի երգեցողութիւնը։

Մրցման այս երկրորդ փուլին պիտի մասնակցէին հինգ մրցակիցներ. Յովիկ Թաֆրանեան, Գարմեն Պալեան, Էլի-Քրիստ Պէրպէրեան, Փամելա Մանիսալեան եւ Գօգօ Արոյեան։

Այս հանգրուանին մրցանքի մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը պիտի երգէր աշուղական երգ մը, իսկ յայտագիրին երկրորդ մասով՝ օտար երգ մը։

Աշուղական երգերը ստեղծագործութիւններն էին Աշուղ Աշոտի եւ Աշուղ Շերամի։

Դատական կազմի անդամներն էին երգիչ Ատիս Հարմանտեան, երգչուհի Շողիկ Թորոսեան եւ «Ֆէյհա» երգչախումբի խմբավար Պարգեւ Թասլաքեան։ Իւրաքանչիւր երգի մեկնաբանութենէն ետք դատական կազմի անդամներ առանձնաբար նկատողութիւններ, թելադրանքներ եւ գնահատանք կատարեցին։

Պէտք է նշել, թէ երգողները լաւ պատրաստուած էին, ունէին մաքուր եւ հաճելի ձայն, իւրաքանչիւրը՝ ուրոյն գոյնով։ Ինչ կը վերաբերի մատուցուած չորս անգլերէն եւ մէկ ֆրանսերէն երգերուն, հանդիսականները զարմացան մեր երիտասարդներուն լեզուական թէ ոճային արտայայտութիւններուն, տպաւորիչ մեկնաբանութեան, անոնց իւրացուցած արուեստին։ Հայկական աշուղական երգերը գուցէ պարբերաբար հետաքրքրած է մեր երիտասարդները, այսուհանդերձ անգլերէն մշակոյթով եւ դէպի համաշխարհայնացում յառաջացող մշակոյթը արդէն գրաւած է մեր նոր սերունդին ուշադրութիւնը։ Պարզապէս հիանալի կատարումով հանդէս եկան հինգ երգողներն ալ, չորս անգլերէն, մէկ ֆրանսերէն։

Երգողներուն ընկերացաւ «Աղթամար» նուագախումբը, որ տպաւորեց ներկաները իր ներդաշնակ, տեղին՝ մեղմ նուագածութեամբ։

Այս օգտաշատ, ուսանելի եւ ոգեւորող ձեռնարկը կը հովանաւորէին «Վանայ ձայն», ԱՖՀԻԼ, «Փոլօ Թրավըլ», «Վիվարօ Շուզ»։

Հաղորդավարներ Հրակ Աւետանեան եւ Շաղիկ Յովսէփեան դարձեալ ստանձնեցին հաղորդավարութիւնը, ինքնավստահութեամբ, բայց նոյն ատեն նախընտրելի է ուշադիր ըլլալ արեւմտահայերէն լեզուի ճիշդ արտասանութեան։

Յաջորդ՝ երրորդ հանգրուանին պիտի մասնակցին Գօգօ Արոյեան, Յովիկ Թաֆրանեան եւ Փամելա Մանիսալեան։

Երանի թէ կարելիութիւն ստեղծուէր ընդունելի մակարդակով նկատի առնելու հինգ մրցակիցներն ալ իբրեւ յաղթական, որովհետեւ հինգն ալ արժանի էին մրցանակի, գուցէ զոյգ երկրորդ եւ զոյգ երրորդով։

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը անմոռանալի պիտի մնայ երգը սիրող մեր երիտասարդներուն միտքին մէջ։

Հանդիսութեան սկիզբը եւ միջնարարին հիւրաբար երգեցին անցեալ տարուան «Երգ երգոց»-ի աստղերէն Ալիս Իփրաճեան (որ մեկնաբանեց Ատիս Հարմանտեանի նոր հեղինակած «Գնա, գնա» երգը, ապա Սայաթ Նովայի «Թամամ աշխարհ պտուտ եկայ»-ն), Յարութ Լափաճեան (որ երգեց «Գետաշէն» երգը) եւ Վարանդա Եագուպեան («Հայաստան» երգը)։

Շնորհակալութիւն Համազգայինին այս նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակելուն համար։

Related Post