Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով՝ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը կազմակերպէ «Երգ երգոց» երգի մրցանքը, որ կը նպատակադրէ լիբանանահայ գաղութին մէջ երգի նոր որակ եւ նոր ձայներ յայտնաբերել։

Մրցումի առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ երէկ՝ կիրակի, 10 նոյեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ. իրենց մասնակցութիւնը բերին եօթը տաղանդաւոր երիտասարդներ, որոնք մեկնաբանեցին հայերէն ժողովրդային եւ էսթրատային երգեր։ Մրցումի Ա. հանգրուանի դատական կազմը կը բաղկանար հանրածանօթ երգիչ Ատիս Հարմանտեանէ, երգչուհի Շողիկ Թորոսեանէ եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի խմբավար Գօգօ Ալլոզեանէ, որոնց ցուցմունքներով եւ արժեւորումներով մասնակիցները յաւելեալ եռանդով կատարեցին իրենց երգերը։ «Աղթամար» նուագախումբին ընկերակցութեամբ եօթը մասնակիցները յաջորդաբար ներկայացուցին հայկական ժողովրդային եւ ապա էսթրատային երգեր։ Այսպէս Գօգօ Արոյեան մեկնաբանեց «Ես քեզանից հեռացայ» երգը, Քրիսթինա Սրապոնեան՝ «Կեանքի ուղիներու թանկօ»-ն, Աննա Մկրտիչեան՝ «Մշոյ աղջիկ»-ը, Էքլի Քրիստ Պէրպէրեան՝ «Հայի աչեր»-ը, Փամելա Մանիսաչեան՝ «Երգիր ինձ համար»-ը, Յովիկ Թաֆրանեան՝ «Բարի Արագիլ»-ը եւ Գարմեն Պալեան՝ «Մոկաց հարսներ»-ը։

Բեմականութեան բարձր մակարդակով եւ Վարդան Մկրտիչեանի հսկողութեամբ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին հանգրուանի արդիւնքներու ճշդումը. 70 առ հարիւր դատական կազմի եւ 30 առ հարիւր ժողովուրդի քուէարկութեան համեմատութեամբ երկրորդ հանգրուան անցան Յովիկ Թաֆրանեան, Գարմեն Պալեան, Էլի Քրիստ Պէրպէրեան, Փամելա Մանիսաչեան եւ Գօգօ Արոյեան։

Նշենք, որ երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 17 նոյեմբեր 2013-ին։ Այս հանգրուանին քուէարկութիւնը պիտի կատարուի նաեւ «Վանայ Ձայն»-ի եւ «Փոլօ Թրեվըլ»-ի «Ֆէյսպուք»-ի էջերուն միջոցով։

Շնորհակալութիւն «Փոլօ Թրեվըլ», «Վիվարօ» եւ ԱՖՀԻԼ հովանաւոր հաստատութիւններուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողցնել այս մրցանքը։

Related Post