Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ միջդպրոցական գծագրական մրցանք, որ իր շուրջ համախմբեց 17 հայկական դպրոցներէ 44 աշակերտներ, որոնք այս մրցումին ճամբով նոր փորձառութիւն ապրելու եւ իրենց ձիրքերը յայտնաբերելու առիթ ունեցան: Մրցումին հովանաւորն էր «Ֆէյպըր Քեսըլ» հաստատութիւնը:

Շաբաթ, 5 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Համազգայինի  «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ մրցանքին մասնակից աշակերտներուն բարի գալուստ ու յաջողութիւն մաղթեց  Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ բացատրեց տարիներէ ի վեր կայացող այս մրցումին նպատակը` համախմբել տարբեր վարժարաններու աշակերտներ, անոնց առիթ ու կարելիութիւն տալ իրենց գծելու ձիրքը գործնականացնելու, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ ամրապնդելու արուեստն ու անոր նկատմամբ սէրը: Կ. Գապասագալեան ամփոփ գիծերու մէջ աշակերտներուն ներկայացուց նաեւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կողքին գործող Համազգայինի գեղարուեստի միւս դպրոցներն ու միաւորները` «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը, «Գայեանէ» պարախումբը, «Արեգ» թատերական դպրոցը եւ «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը: Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնը շեշտը դրաւ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ արուեստի կարեւորութեան վրայ` դիտել տալով, որ անիկա միջոց է ազնուանալու, աւելի գեղեցիկ աշխարհի փնտռտուք կատարելու:

Ապա Ռազմիկ Պերթիզլեանի ղեկավարութեամբ աշխատանքի լծուեցան մրցանքին մասնակից աշակերտները, որոնք բաժնուած էին տարիքային երեք խումբերու` 6-8 տարեկան աշակերտները մաս կը կազմէին առաջին խումբին, 9-12 տարեկանները` երկրորդ խումբին եւ 13-16 տարեկանները` երրորդ խումբին: Իւրաքանչիւր խումբի համար ճշդուած էր գծագրութեան նիւթ մը. առաջին խմբակին մաս կազմողները գծեցին իրենք զիրենք եւ իրենց սիրած անասունը, նոյն «ճամբորդութիւնը» կատարեցին նաեւ երրորդ խմբակի աշակերտները, որոնք նկարեցին իրենց դպրոցը` շուրջ 500 տարի ետք:

Կէսօրուան ժամը 1:00-ին աւարտեցաւ մրցումը, ընտրուեցան իւրաքանչիւր խումբի երեք լաւագոյն մասնակիցները: Մրցանակաբաշխութենէն առաջ Ռազմիկ Պերթիզլեան բարձր գնահատեց աշակերտներուն ձիրքերը, քաջալերեց զանոնք արուեստին մօտ ըլլալու եւ շարունակելու գծել, որովհետեւ արուեստը կարեւոր ուղի է հեռու մնալու յոռի երեւոյթներէ, վատ սովորութիւններէ եւ առնչուելու գեղեցիկին, վսեմին, զարկ տալու երեւակայութեան:

6-էն 8 տարեկան խմբակին առաջինը հանդիսացաւ Մեղրի Հաճեան` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան  վարժարանէն, երկրորդ` Հուրի Օհանեան` Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանէն, երրորդ` Կասիա Գրիգորեան` Համազայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն: 9-էն 12 տարեկաններու խմբակէն առաջնութիւնը խլեց Վառակ Նարեկ Մանուկեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն, երկրորդ դիրքին վրայ էր Լէա Աշգարեան` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն, երրորդ` Մարիա Գասպարեան` Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանէն: 13-էն 16 տարեկան   խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Շանթալ Ատաճեան` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն, երկրորդ` Վերա Պոզոյեան` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն, երրորդ` Ալիսիա Լեւոնեան` Սահակեան-Մկրտիչեան վարժարանէն:

Լաւագոյն նկատուած աշակերտներուն մրցանակները յանձնեցին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան եւ խնամակալութեան ատենապետ Լուսիկ Աֆարեան:

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր խումբէն առաջին հանդիսացող աշակերտը ստացաւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2014-2015 տարեշրջանի կրթաթոշակ, երկրորդը` կրթաթոշակէն 50 առ հարիւրը եւ երրորդը` 25 առ հարիւրը: Բոլոր մասնակիցները «Ֆէյպըր Քեսըլ» հաստատութենէն ստացան յատուկ նուէրներ:

Related Post