«Ազդակ» օրաթերթ.- Կազմակերպութեամբ ռուսական դեսպանատան մշակութային կեդրոնին Երկուշաբթի, 15 Յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ռուսական մշակութային կեդրոնին մէջ` Վերտան, տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը:

Նկատի ունենալով, որ 2018 տարին կը զուգադիպի ծովանկարիչին ծննդեան 200-ամեակին, ռուսական մշակութային կեդրոնը ձեռնարկած է այս աշխատանքին` դիմելով միութիւններու, արուեստագէտներու, աշակերտներու, որպէսզի գծեն ծովը: Այսպիսով, կեդրոնը կը նպատակադրէ նոր սերունդին ծանօթացնել Այվազովսքին եւ քաջալերել ծովանկարչութիւնը:

Մշակութային կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Վատիմ Լայչիքով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալութիւն յատնեց բոլորին իրենց մասնակցութեան համար: Ան նկատել տուաւ, որ տարբեր միջավայրերէ եկած արուեստագէտներ, աշակերտներ, միութիւններ Իվան (Յովհաննէս) Այվազովսքի-Այվազեանի նման գծած են ծովը` իրենց ներաշխարհին համաձայն, եւ այդ մէկը բաւական հետաքրքրական մթնոլորտ կը ստեղծէ:

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ընդհանուր տնօրէն Յակոբ Հանտեան ելոյթ ունենալով շատ դրական նկատեց Ռուսական մշակութային կեդրոնին հետ առաջին գործակցութիւնը եւ յոյս յայտնեց յառաջիկային գործակցութեան այլ ծրագիրներ ալ իրականացնելու: Ան յատուկ առիթ նկատեց Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած սոյն ցուցահանդէսի կազմակերպումը եւ շեշտեց, որ անիկա հպարտանք է թէ՛ հայութեան եւ թէ ռուս ժողովուրդին:

Աւարտին վկայագիրներ յանձնուեցան մասնակիցներուն:

Related Post