Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան թատերական միաւորին, ուրբաթ, 4 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ, թատերական միաւորը կազմակերպեց այս եղանակին  իր «Սինէ քլապ»-ի շարքին երրորդ ներկայացումը` Սերկէյ Փարաճանովի «Սուրամի  ամրոցի առասպելը» շարժապատկերը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց թատերական միաւորի ատենապետ Լեւոն Ակոբեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք հակիրճ կերպով խօսեցաւ Փարաճանովի ծննդեան 90-ամեակին հետ զուգադիպող այս ձեռնարկին մասին եւ ներկաները հրաւիրեց դիտելու իր տեսակին մէջ եզակի արուեստի գործ մը, որ կը ցոլացնէ Փարաճանովի տեսիլքը եւ անոր գեղարուեստական թռիչքը:

Ապա Ակոբեան ներկաներուն ըսաւ, որ ապրիլ ամսուան աւարտին Համազգայինի թատերական միաւորը պիտի ներկայացնէ այս եղանակին «Սինէ քլապ»-ի շարքին վերջին ձեռնարկը,  որ Հայ դատին առնչակից պիտի ըլլայ, իսկ մայիս ամսուան աւարտին թատերական միաւորը եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը լիբանանեան հասարակութեան պիտի ներկայանան Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւն» թատերախաղով`  բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:

Ապա խօսք առաւ օրուան շարժապատկերը քննարկող դոկտ. Հրաչ Պարսումեան, որ լայն տեղեկութիւններով ներկայացուց ոչ միայն օրուան շարժապատկերը, այլ նաեւ Փարաճանովի տարբեր ստեղծագործութիւնները եւ շարժապատկերները` «Նռան գոյնը», «Աշուղ Ղարիպ» եւ այլն:

Ապա թատերասէր եւ ֆիլմարուեստի սիրահար ներկաները միասին դիտեցին «Սուրամի ամրոցի առասպելը» շարժապատկերը, որ 1984-ին նկարահանուած եւ բեմադրուած  է Սերկէյ Փարաճանովի եւ Տոտօ Ապաշիծէի կողմէ:

86 Վայրկեան վայելելէ ետք գեղարուեստական պատկերներու եւ գոյներու համադրութեամբ ու միացումով բեմադրուած այս շարժապատկերը, ներկաները առիթը ունեցան քննարկելու եւ իրենց հարցումները ուղղելու օրուան հիւր մասնագէտին` դոկտ. Պարսումեանին, որ համապարփակ ձեւով պատասխանեց բոլոր հարցադրումներուն` ըսելով, որ հետագային «Ազդակ»-ի էջերուն ընդմէջէն աւելի լայն ու մանրամասն ձեւով պիտի անդրադառնայ այս շարժապատկերին  գեղարուեստական եւ գրական արժէքներուն:

Related Post