«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 93-րդ լսարանի ծիրին մէջ եւ գործակցաբար Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` երեքշաբթի, 8 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ աննախընթաց` «Թումօ» ծրագիրի ներկայացումը:

Միութենական, հասարակական ներկայացուցիչներու եւ մեծ մասամբ երիտասարդներու ներկայութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Յակոբ Գառնէշեան` ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան նիւթն ու անոր զեկուցաբերը, նախկին լիբանանահայ, ճեմարանաւարտ, հայրենադարձ, երկրաչափ, կրթութեան եւ արհեստագիտութեան մագիստրոսի աստիճանակիր Մարի Լու Փափազեան:

«Թումօ» ծրագիրը կը նպատակադրէ Հայաստանի մէջ արհեստագիտութեան մարզի զարգացման ընդմէջէն հայ երիտասարդը կառչած պահել իր հայրենիքին, ըսաւ Գառնէշեան` նշելով, որ «Թումօ»-ի այս ծրագիրը ցարդ յաջողած է իր շուրջ համախմբել աւելի քան հինգ հազար հայ աշակերտներ` շնորհիւ լիբանանահայ բարերար Սէմ Սիմոնեանի աւելի քան 30 միլիոն տոլարի ներդրումին:

«Թումօ»-ի ծրագիրը ներդրումային եւ ազգանուէր գործունէութեան ամէնէն նախանձելի օրինակներէն մէկը կը հանդիսանայ, ընդգծեց Գառնէշեան` հաստատելով, որ այս ծրագիրը պիտի շարունակուի ու տարածուի Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ` հասնելով մինչեւ Արցախ:

Ապա խօսքը փոխանցեց «Թումօ»-ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ, «Թումօ» ծրագիրի ընդհանուր համակարգող-տնօրէն Մարի Լու Փափազեան ներկայացուծ «Թումօ» ծրագիրի առաքելութիւնը, գործելաոճը, ուղղութիւններն ու հեռանկարները: Առցանց սահիկներու օգնութեամբ Փափազեան ներկայացուց «Թումօ»-ի «տրամադրած» կարելիութիւններն ու հմտութիւնները, ինչպէս` սորվելու ինքնուրոյն կարողութիւն, թուային արհեստագիտութեան մատչելիութիւն, համագործակցութեան եւ խմբային աշխատանքի հմտութիւն: «Դասընթացքները ընդհանրապէս անգլերէնով կը տրուին, ի հարկին` թարգմանելով», ըսաւ Փափազեան` դիտել տալով, որ «Թումօ» ծրագիրը կ՛ընդգրկէ 12-18 տարեկան երկսեռ պատանիներ ու տղաք:

Անվճար այս ծրագիրին համար կը հրաւիրուին մասնագէտ-դասախօսներ` Հայաստանէն եւ աշխարհի զանազան շրջաններէն, բոլորն ալ անվճար, կամաւոր, նուիրեալ տարրեր, որոնք կրնան այլ տեղ աւելի լաւ վճարումով աշխատիլ, բայց կը նախընտրեն «Թումօ»-ն` հաւատալով այս ծրագիրի առաքելութեան: «Թումօ»-ի անուան գծով Փափազեան յայտնեց, որ անիա ժողովրդականացած ձեւն է ու կրճատումը նոյն վայրին` Թումանեանի Այգիի անուանումին: Վկայականի գծով` աշակերտը «Թումօ»-ի մէջ կ՛ունենայ իր «ապրող թղթապանակ»-ը, որ աշակերտին հետ կը «մեծնայ» ու կը զարգանայ: Աւարտին, աշակերտը կրնայ այդ «թղթապանակ»-ը պարզել որեւէ մարզի աշխատանքի դիմումի պարագային:

«Թումօ»-ն ունի իր յատուկ կայքը, որուն միջոցով գրեթէ լրատուական արագութեամբ օրը-օրին կը նշուին իրագործուած աշխատանքները: Իւրաքանչիւր յաջող աշխատանքէ ետք ցուցահանդէս մը կը կազմակերպուի:

Երեւանի կողքին, «Թումօ»-ի փոքր կեդրոն մըն ալ հիմնուած է Դիլիջանի մէջ` հովանաւորութեամբ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան: Աւելի քան 150 աշխատող ընդգրկող «Թումօ»-ի ծրագիրին մէջ գիշերօթիկի դրութիւն չկայ:

Յառաջիկայ ծրագիրներու թէ հեռանկարներու գծով Փափազեան յայտնեց, որ կը ծրագրուի համաշխարհային մակարդակի համալսարաններու համապատասխան որոշ ճիւղեր «բանալ» կամ հաստատել «Թումօ»-ի մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, թէեւ տակաւին վերջնական պատկերացում չկայ, սակայն կը մտածուի, օրինակ` մէկուկէս միլիոն լոյսերով արշաւ մը կազմակերպել դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

«Թումօ»-ի ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ ամառնային ճամբար Հայաստանի մէջ, ուր յուլիս ամսուան ընթացքին աշխարհասփիւռ հայորդիներ (12-18 տարեկան) առիթ պիտի ունենան մէկ շաբաթ վայլելու ճամբարի «բարիքներ»-ը` առաւօտեան աշխատանքային վարժութիւններով, յետմիջօրէի միջոցառումներով պտոյտներով, այցելութիւններով ու հայրենի համադամ ճաշերով, բոլորը` մասնակցութեան սերտուած գիներով:

Ներկաներու հարցումներուն եւ ընդմիջումներուն տուած իր լուսաբանական պատասխաններուն ընդմէջէն «Թումօ»-ի տնօրէնը ընդգծեց, որ այս ծրագիրը աննախընթաց է, Հայաստանի թէ աշխարհի մէջ, որ միաժամանակ կ՛ընդունի բնական կարողութիւններով եւ ընկալելու դժուարութիւն ունեցող աշակերտներ: Ամերիկայէն թէ այլ շրջաններէ յաճախ օտարներ կ՛այցելեն «Թումօ» եւ կը զարմանան անոր գործելաոճին ու իրագործումներուն ի տես, ընդգծեց Մարի Լու Փափազեան:

Ան իր զրոյցին մէջ մէկէ աւելի առիթներով երախտագիտական իր շնորհակալութիւնը յայտնեց, «Թումօ» ծրագիրի լիբանանահայ բարերար Սէմ Սիմոնեանին:

Related Post