Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, ուրբաթ, 12 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թ. Ռոսլին»-ի «Լ. Շանթ» եւ «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոններու  աշակերտներու ամավերջի հանդէսն ու աշակերտական ցուցահանդէսը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, միութենական ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Յատկանշական էր, որ այս տարի շատ հարուստ էր աշակերտներուն «բերքը» եւ բաւական տպաւորիչ: Ցուցադրուած էին աւելի քան 115 աշակերտներու գործեր. աւելի մեծ աշակերտները` իրենց ուսուցիչներուն թելադրութեամբ, յատկապէս Գէորգ Ուլաշեանի առաջնորդութեամբ, իրենց գործերը նուիրած էին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անունով արժեւորեց տարուած աշխատանքը, որուն արտացոլացումը կը հանդիսանան հանրութեան ներկայացուած աշակերտական գործերը:  Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք աշխարհով մէկ հայութեան տարած բազմաբնոյթ գործունէութիւնը, տիրական ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ արուեստի բնագաւառին մէջ արձանագրած յաջողութիւնները խօսուն պատգամ են, թէ հայ ժողովուրդը պայքարիլ եւ վերապրիլ գիտցող ազգ է: Այս ծիրին մէջ ան դրուատեց աշակերտներուն հետեւողականութիւնը եւ շեշտը դրաւ հայկական միջավայրի մէջ, ազգային շունչով հասակ նետելու իրականութեան կարեւորութեան:

Կարպիս Գապասագալեան անդրադարձաւ արուեստի ճամբով արտայայտուելու կարեւորութեան եւ արդիւնաւէտութեան` դիտել տալով, որ նկարչութիւնը կարողութիւն ունի ուղղակի թափանցելու հոգիին խորը եւ պատգամ փոխանցելու: Ուստի ան յորդորեց աշակերտները շարունակելու այս ուղին եւ յաւելեալ ջանքով նորանոր յաջողութիւններ նուաճելու:

«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի վարիչ տնօրէն Ռազմիկ Պերթիզլեան իր կարգին խօսք առնելով ներկաներուն ծանօթացուց դպրոցներուն ուսուցչական կազմի անդամները, դպրոցական գործունէութիւնն ու առօրեան: Ան հաստատեց, որ արուեստը կարեւոր է ոեւէ տարիքի մարդու համար, որովհետեւ անիկա անխտիր բոլորին կողմէ հասկցուող լեզու է, կարելիութիւն ունի արտայայտիչը ըլլալու տարբեր վիճակներու, զգացումներու եւ երեւոյթներու: Ան շեշտեց, որ մարդու մտային եւ ֆիզիքական աճը կ’արտացոլայ իր արուեստի գործերուն ընդմէջէն:

Այս տարի ընտրուեցան աշակերտներուն լաւագոյն գործերը, որոնք ամբողջ տարի մը պիտի ցուցադրուին զոյգ կեդրոններուն մէջ:

Աւարտին արուեստասէրներն ու ծնողները դիտեցին ցուցադրուած գործերը, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ առիթ ունեցան իրարու ծանօթանալու, միտքեր փոխանակելու եւ արժեւորելու իրենց զաւակներուն աշխատանքները:

Attachments
  • 18748377365_a4354c0fff_o-medium-1024x683
  • 18743442712_105b9e73be_o-medium-1024x683
  • 18560610060_fa879d8772_o-medium-1024x607
  • 18127688093_e97c883df7_o-medium-1024x528
  • 18125757554_ffedef12a4_o-medium-1024x476-2

Related Post