Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի երկրորդ դասարանի աշակերտները ուրբաթ, 13 եւ շաբաթ, 14 յունիս 2014-ին, «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» եւ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոններուն մէջ իրենց ծնողներուն ու բարեկամներուն ներկայացան բաց դասարանի ընդմէջէն:

Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, դպրոցական երկրորդ տարուան  աւարտին աշակերտները իրենց սովորական դասը կը կատարեն հանրութեան ներկայութեան, որպէսզի ծնողները ծանօթանան տարուան ընթացքին դասարանին մէջ ի գործ դրուած աշխատանքներուն, որդեգրուած աշխատելաոճին, իրենց զաւակներուն տաղանդներուն եւ զանոնք կատարելագործելու իմաստով գործադրուող ճիգերուն:

Ուրբաթ օր «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնին մէջ աշակերտները իրենց ընթացիկ վարժութիւններուն, թատերական հմտութեան վերաբերող դասերուն զուգահեռ ներկայացուցին «Սուտասան»¬ը, նաեւ ներկաները ծանօթացնելով բեմադրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն, իսկ շաբաթ օր «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի աշակերտները իրենց կարգին պատրաստեցին եւ ներկայացուցին դաստիարակիչ խորք ունեցող ներկայացում մը, որուն մէջ մայր մը իր երկու դուստրերուն կամքը անտեսելով իր մայրը` անոնց մեծ մայրը, կ՛ուղարկէ ծերանոց: Աղջիկները տեսնելով իրենց մօր առած այս քայլը, ո՛չ միայն կը նեղանան, այլեւ իրենց մօր կը յայտնեն, թէ նոյն ինքնաշարժը, որ իրենց մեծ մայրը հեռացուցած էր իր հարազատ բոյնէն, օրին մէկը նոյնը պիտի ընէ նաեւ իրեն:

Դպրոցի պատասխանատու, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան ծնողներուն եւ ներկաներուն ներկայացուց երկու տարիներու աշխատանքային ծրագիրը, դասաւանդութիւնները, աշակերտներուն հետ տարուած աշխատանքը, տաղանդները յայտնաբերելու եւ զանոնք զարգացնելու ձեւերը եւ այլն:

Գեղարուեստի դպրոցներու վարիչ տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են Համազգայինին, ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին, որ բծախնդիր եւ հետեւողական կերպով կը հետեւի մանուկներուն ու պատանիներուն թատերական հմտութիւններու կատարելագործման: Ան նաեւ խօսեցաւ մեր կեանքին մէջ առհասարակ թատրոնի կարեւորութեան մասին` յատուկ կերպով անդրադառնալով հայկական իրականութեան մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան:

Աւարտին յայտարարուեցաւ, որ արդէն իսկ հաստատուած է «Արեգ» թատերական դպրոցի երրորդ դասարան, եւ աշակերտները պիտի ըլլան առաջինները, որոնք պիտի կարենան այդ դասարանին մէջ հետեւիլ թատերական ձայնամարզութեան եւ պարի դասընթացքներուն:

Զոյգ ներկայացումները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին, որովհետեւ անոնք կենդանի եւ շօշափելի կերպով ծնողներուն ներկայացուցին երկու տարիներ շարունակ դասարաններու փակ դռներուն ետին տարուած աշխատանքին ամփոփումը:

Related Post