Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները 2015-ի իրենց գործունէութեան առանցքը կեդրոնացուցած են 100-ամեակը խորհրդանշող նախաձեռնութեանց վրայ:
Այս ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, եւ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուեցաւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի «Կարօտ» թատերախաղը` ներկայութեամբ հայ աշակերտներու հոծ բազմութեան:
Հայրենի բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան, որ միաժամանակ հեղինակն ու գեղարուեստական ղեկավարն է թատերախաղին, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ յաջողեցաւ նոր սերունդի մատղաշ ներկայացուցիչներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իր փոխանցած պատգամին վրայ: Պատգամ մը, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու, իմա` սփիւռքահայու կերպարին ու կեանքին խորհուրդը: Այլ խօսքով, հեղինակը հարազատօրէն կը բացայայտէ սփիւռքահայու, յատկապէս «դրախտ»-ի փնտռտուքով արտագաղթողներու «քթին տակ» եղող, բայց զիրենք «կրծող», հոգեպէս մաշեցնող յոռի ու վարակիչ երեւոյթներու ախտաճանաչումը, ինչպէս` օտարամոլութիւն, ձուլումի վտանգ, յուսալքում, հայրենապարպում եւ այլն:
«Կարօտը այսօրուան եւ բոլոր ժամանակներու հայն է, որ դեգերելով երկրէ երկիր, կը փորձէ գտնել երջանկութեան ու արդարութեան բանաձեւը, սակայն բազմազգ աշխարհի դժուարին խաչուղիներուն վրայ», կու գայ այն եզրակացութեան, որ` «եթէ հզօր երկիր ունենանք, աշխարհը կը յարգէ մեր դատը, եւ արդարութիւնը մեզի կը ներկայանայ ո՛չ թէ անկարող թշուառականի տեսքով, այլ` իբրեւ առողջ ու արժանապատիւ էութիւն…», իրաւացիօրէն կը հաստատէ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան: