ԱՐՄԷՆ ՊԱԳԳԱԼԵԱՆ

Շաբաթ  21 եւ կիրակի 22 յունիսին Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը եւ հայկական ժողովրդական նուագախումբը  Ժրապթայի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին  Սուրբ Ռաֆքայի մահուան հարիւրամեակին նուիրուած երգչախմբային սեմինար-փառատօնին: «Բարեկամութիւն երգչախումբերու միջեւ» անունով երկօրեայ ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր երգերու ուսուցում, դասախօսութիւն, զրոյցներ եւ փակման համերգ`  պատրաստուած Լիբանանի առաջատար  հինգ երգչախումբերու համար: Մասնակցող երգչախումբերն էին` «Էն.Տի.Եու.» համալսարանի երգչախումբը (հայր Խալիլ Ռահմէ), Սաութ էլ Աադիիք (հայր Միլէտ Թարապայ), Ֆայհաա (Պարգեւ Թասլաքեան), ԱՅԳ (Զաքար Քեշիշեան), Ս. Ռաֆքայի երգչախումբ (քոյր Մարանա Սաատ):

Բացման խօսքը կատարեց քոյր Մարանա Սաատ եւ բացատրեց ծրագիրի զանազան մասերը: Իւրաքանչիւր մասնակցող երգչախումբի ղեկավար ընտրած էր երգ մը, որ միասնաբար  սորվեցան կատարելու համար կիրակի օրուան փակման համերգին:

Տեղի ունեցաւ նաեւ երաժշտական տարբեր թեմաներով զրոյցներ, զորս վարեցին Եդուարդ Թորիկեան, քոյր Մարանա Սաատ եւ հայր Պատիհ էլ Հաժ: Զրոյցներուն նիւթերն էին «Բարեկամութիւնը երգչախումբերու միջեւ, առանձնայատկութիւնները, հարցերը, եւ ապագայի մարտահրաւէրները»,«Երգչախումբերու յատուկ երաժշտութեան պատրաստութիւն» եւ «Երգչախումբերու յարաբերութիւնը երաժշտանոցներու եւ սիմֆոնիք նուագարաններու հետ»:

Համազգայինի «Այգ» երգչախումբն ու նուագախումբը փակման համերգին կատարեցին  Պիթըլզի երգաշարը եւ հայկական  երկու երգեր`  Թաթուլ Ալթունեանի մշակումով (դաշնակահար` Կամիլա Քէշիշեան): Փակման համերգին հիւրաբար ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Կռունկ» երգչախումբը ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ  Թորիկեանի, որոնք կատարեցին երկու հայկական եւ երկու արաբական  երգեր` Եդուարդ Թորիկեանի մշակումով:

Նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու մասնակցութիւնը կ՛աճեցնէ թէ՛ երգչախումբի անդամները, եւ թէ երգչախումբերը: Այս առումով մասնակից երգչախումբերուն համար մեծապէս շահեկան նախաձեռնութիւն մըն էր կատարուածը, որ պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ, եւ որուն համար շնորհաւորելի են բոլոր մասնակիցները եւ կազմակերպիչները` քոյր Մարանա Սաատի գլխաւորութեամբ:

Related Post