Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 1 յունիս 2014-ին,  երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբն ու «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային համոյթը ելոյթ ունեցան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Արաբերէնով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Յակոբ Աբրահամեան, որ անդրադարձաւ, թէ Համազգայինի արուեստի բոլոր միաւորները իրենց տարեկան ելոյթներով  հանդէս եկան լիբանանահայ մշակութասէր հանդիսատեսին, իսկ այսօր առիթը «Գուսան» երգչախումբին եւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային համոյթինն է: Ապա բարձր գնահատելով հաղորդակցութեան միջոցներու նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի ներկայութիւնը սոյն ձեռնարկին, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին պատկերը կրող դրոշմաթուղթի հրատարակման որոշումը տալուն եւ գաղափարը իրականացնելուն համար: Ան հաստատեց, որ յուշարձանը  հայութեան միասնական պայքարի խորհրդանիշն է: Իր խօսքի աւարտին, Աբրահամեան իբրեւ երախտագիտութիւն յուշանուէր մը յանձնեց Սահնաուիին: Իր կարգին, Նիքոլա Սահնաուի խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց յուշանուէրին համար եւ ըսաւ, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով հայերու վերաբերող դրոշմաթուղթ կը տպուի, ինչ որ անհրաժեշտ է ու շահեկան: Սահնաուի աւելցուց. «Այսօր Լիբանանի ժողովուրդին անունով կու գամ ըսելու, որ 1915-ին ձեր կրած ցաւը մեր ալ ցաւն է միաժամանակ, մենք իբրեւ մէկ պետութեան պատկանող ժողովուրդ, պարտաւոր ենք զգալ մէկզմէկու ցաւը, մենք միշտ մէկ ենք եւ այդպէս ալ կը մնանք:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Գուսան» սենեկային երգչախումբը` Գրիգոր Ալլոզեանի ղեկավարութեամբ երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի Ս. պատարագը, ինչպէս նաեւ «Խորհուրդ խորին», «Միայն սուրբ, միայն Տէր», «Ամէն հայր սուրբ» շարականները` մենակատարութեամբ Աւետիս Ագրապեանի, «Սիրտ իմ սասանի»` մենակատարութեամբ Մարալ Շաննաքեանի, «Սուրբ սուրբ», «Լուսնեակը լոս ի. Բաբօ» եւ «Ելա տանիս» կտորները:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային համոյթը` ղեկավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի: Այս բաժինով հնչեցին հայ եւ օտար մեծանուն դասական եւ աշխարհահռչակ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները: Յաջորդաբար ներկայացուեցան Ռոսսինիի «Տը պարպըր աֆ Սեվիլ օվըրթուր», Պախի «Քոնչերթօ ֆոր վայոլին էնտ օրքեսթրա»՝  մենակատարութեամբ Նարօտ Սուրճեանի, Կոմիտասի «Հայ ազգային օրհնութիւն», Հայտընի «Թիւ 45 Ֆերուել» համանուագը: Տպաւորիչ էր  մանաւանդ Մանսուրեանի «Կտոր մը երկինքը», որուն դաշնաւորումը կատարած է Կարօ Աւեսեան: Արամ Խաչատուրեանի «Երգ Երեւանի մասին» եւ Շոսթաքովիչի «Ուալթզ թիւ 2» կտորներով վերջ գտաւ երկրորդ բաժինը:

Յայտագիրի վերջին մասով կրկին ելոյթ ունեցաւ «Գուսան» երգչախումբը: Յաջորդաբար ներկայացուեցան Կարօ Քէշիշեանի մեկնաբանութեամբ «Ես սարէն կու գայի» եւ Շողիկ Թորոսեանի մեկնաբանութեամբ «Ծիրանի ծառ» ժողովրդական երգերը: Բարձր ճաշակով հնչեց հարսանեկան շարքը` «Թագւոր բարով», «Էն դիզան» երգերը, ինչպէս նաեւ «Առնեմ երթամ իմ եարը»: Բաւական խանդավառութիւն ստեղծեց «Չինարի ես» երգը: Ապա ներկայացուեցաւ Բ. Կանաչեանի «Հայրենի կարօտ»-ը, Է. Յովհաննէսեանի «Նանարի նար», «Լեպհո լէ լէ» եւ «Ալագեազ»երգերով ելոյթը իր աւարտին հասաւ:

Related Post