Համազգայինի 90-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Մարտ 2018-ի առաջին շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն էր պարտադիր բացակայութենէ ետք կրկին բեմին վրայ տեսնել երգիծաբան, դերասան, թատերական գործիչ, նկարիչ Վարդան Պետրոսեանը եւ ըմբոշխնել անոր վերջին մենաներկայացումը` «Իմ կիսատ թողած երգը» խորագիրը կրող:

Վ. Պետրոսեանի ներկայացումները ընդհանրապէս կը վերաբերին մեր առօրեային, հոգերուն, ապրումներուն եւ երազներուն, սակայն այս անգամուան մենաներկայացման մեկնակէտը իր ապրած վերջին դառն փորձառութիւնն է: Ան բեմ վերադարձած էր կիսատ թողած երգը շարունակելու. արդարեւ, տարիներ առաջ, իր ներկայացման նախորդ օրը ան ունեցաւ ինքնաշարժի ծանր արկած մը, որուն համար ան դատապարտուեցաւ հինգ տարուան բանտարկութեան: Նկատի ունենալով, որ այդ չներկայացուած մենաթատրոնին աւարտին ան  կ՛երգէր հանդիսատեսին հետ, սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ, տարիներ ետք`  դուրս գալով բանտէն, ուզեց անպայման շարունակել այս կիսատ մնացած երգը:

Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:

Related Post