«Այգ» երիտասարդական երգչախումբն ու ժողովրդային նուագախումբը յաղթական կանգնած էին բեմին վրայ, իսկ ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յատնէին անոնց եւ յատկապէս խմբավար Զաքար Քէշիշեանին:

Փաստօրէն հանդիսատեսը հմայուած էր տեսնելով երիտասարդ տղոց ու աղջիկներու գիտակից նուիրումը հայ երգին, երաժշտութեան ու ազգային արժէքներուն: Անոնք լաւագոյն վկան հանդիսացան ժողովուրդի վերապրումին ու պահանջատիրութեան:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած, տէր եւ տիկին Ալեն եւ Իրմա Պալեաններու հովանաւորութեամբ, «Այգ» երիտասարդական երգչախումբն ու ժողովրդային նուագախումբը ելոյթ ունեցան կիրակի, 17 մայիս 2015-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ, խմբավարութեամբ` Զաքար Քէշիշեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնակահար Լիանա Յարութիւնեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարին Գազանճեան: Ան յայտնեց, որ ձեռնարկը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ապա հաստատեց, որ ոչ միայն այս տարի, այլ եւ յառաջիկայ տարիներուն ալ հպարտօրէն պիտի յիշենք ու պիտի պահանջենք, մինչեւ որ մեր դատի արդար լուծման հասնինք:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ելոյթը հովանաւորողներուն` Ալեն եւ Իրմա Պալեաններուն, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահութեան, հայրենիքէն եկած երիտասարդ երաժիշտներուն, որոնք ժողովրդական գործիքներով մասնակցեցան ելոյթին: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ խմբավարին ու դաշնակահարին, մեներգողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չեն խնայած ձեռնարկի յաջողութեան համար:

Յարտագիրի առաջին մասով «Այգ» երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց «Շորորա՛»-ն,

«Ձօն Լիբանանի», «Անոնք ինկան», «Աւէ Մարիա» երգերը, ուշագրաւ էր կոմիտասեան երգաշարը, որուն մեղեդիները դիւթեցին հանդիսատեսը եւ տարին դէպի այն աշխարհը, ուր ծնունդ առած են այդ երգերը: Խրախուսող էր յեղափոխական երգերու շարանը, իսկ «Ապրի՛լ կրկին» երգի բարձրորակ կատարումով վերջ գտաւ առաջին բաժինը:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով «Այգ» երգչախումբն ու ժողովրդային նուագախումբը ներկայացուցին «Տաղեր սիրոյ, պանդխտութեան հայրենեաց» օրաթորիան` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին. խօսք` Լութֆիկ Դուրեանի եւ երաժշտութիւն` Խաչատուր Աւետիսեանի:

«Տաղերգութիւն» առաջին երգը իր իւրայատուկ երաժշտութեամբ հանդիսատեսին առջեւ բացաւ տարագրութեան պատկերներ, կարծես քալող կարաւաններն էին, որ տակաւին կը շարունակեն իրենց դանդաղ երթը դէպի անորոշը, դէպի մահ: Իսկ «Տաղ սիրոյ» երգը մեկնաբանեցին թենոր Գէորգ Պէպէճեան եւ սոփրանօ Գայեանէ Ներսիսեան: Շատ գեղեցիկ ձեւով Գայեանէ Ներսիսեան մեկնաբանեց «Օրօրոցային» երգը: Հիանալի կատարումներ էին  Գէորգ Պէպէճեանի «Տաղ պանդխտութեան» երգը, որ կը ներկայացնէր պանդուխտի տառապանքը իր օճախէն հեռու, եւ Գայեանէ Ներսիսեանի կատարումը «Սպասում» երգով, որ կը ներկայացնէր պանդուխտի սպասման ցաւն ու կարօտը: Ներկայացուեցաւ նաեւ «Խրատական երգը», իսկ «Հազարաթեւ Հայաստան» երգով աւարտին հասաւ ձեռնարկը: Ելոյթի վերջաւորութեան հիմնական ծրագիրէն դուրս երգչախումբը ներկայացուց եւս երեք երգ: Վերջապէս, ծաղկեփունջեր մատուցուեցան խմբավարին, դաշնակահարին, մեներգողներուն` ներկաներու բուռն ծափահարութիւններու տարափին տակ:

Related Post