Երէկ` հինգշաբթի, 26 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2013-2014 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը վայելող հանդիսութեան բացումը կատարեց եւ տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան: Ան յայտնեց, որ դպրոցական հանդէսները բազմաբնոյթ են եւ իւրայատուկ նշանակութիւն ունին ուսանողին, ծնողքին եւ պատասխանատուին համար. առաջինը իր տարիներու աշխատանքին արգասիքը կը ստանայ, ծնողները իրենց զաւակներուն զարգացումը տեսնելով գոհունակ կը զգան, իսկ պատասխանատուները հոգեկան բաւարարութիւն կ՛ունենան` ի տես իրենց վաստակին շնորհիւ նոր որակեալ ուժերուն պատրաստութեան: Բայց եւ այնպէս ան աւելցուց, որ վկայական ստանալը երբեք վերջակէտ մը չէ, այլ հանգրուան մը արժեւորող փաստաթուղթ` փոխանցուելու այլ հանգրուան:

Իր խօսքը ուսանողներուն ուղղելով` Կարպիս Գապասագալեան ըսաւ. «Համազգայինը ձեզի չտուաւ միայն երաժշտական գիտելիքներ, այլ ձեզի տուաւ հայ մշակոյթի ու այս պարագային հայ երաժշտութեան անփոխարինելի արժէքներ, իբրեւ մասունք` մեր ինքնութեան ու գոյատեւման: Ա՛յս է Համազգայինի առաջադրած նպատակը, այլապէս դուք ինչո՞վ պիտի զանազանուիք միւսներէն: Հետեւաբար, դուք ձեր ստացած վկայականով նախ եւ առաջ պիտի արժեւորէք դուք ձեզի եւ մանաւանդ պատրաստակամ պիտի ըլլաք հայ երաժշտութեան ազնուագոյն գիտելիքներով ու շունչով զինուած պայքարելու այլասերման դէմ»:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան շնորհակալութիւն յայտնեց քոլեճին թիկունք ու նեցուկ հանդիսացողներուն, ապա շնորհաւորեց շրջանաւարտները` ակնկալելով, որ անոնք հայկական շունչով առաւել եւս ծաղկեցնեն մեր ազգային կեանքը:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան 10-րդ դասարանի շրջանաւարտները` Ռեմոն Ուեհպէ (դաշնակ),  Նարեկ Նաճարեան (ջութակ), Ռիթա Գարամանուկեան (դաշնակ) եւ Մարինէ Հալլաճեան (ջութակ)` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սարգիս Հալլաճեանի:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում: Վերոյիշեալ բարձրագոյն դասարանի շրջանաւարտներուն կողքին վկայականներ ստացան 7-րդ դասարանի աշակերտները` Մարիան Արթինեան, Լորի Եունիսէս, Նարօտ Սուրճեան, Նանօր Նաճարեան, Կարօտ Աճեմեան, Մեղրի Արթինեան, Նարէ Աշգարեան, Արազ Տեմիրճեան, Դալար Մանճեան, Յարութ Մարկոսեան, Նարօտ Ադամեան, Արփի Ասատուրեան, Լութֆիկ Զինեթեան, Լիւսի Ղարիպեան, Նիքոլա Սաքր, Սէրուժ Յովսէփեան եւ Սիրան Արծրունի:

Երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի  սենեկային նուագախումբը` ներկաներուն հրամցնելով հայկական եւ օտար երաժշտական ուրոյն կտորներ:

Related Post