Լիբանանահայութիւնը հարազատ երգին ու երաժշտութեան իր ծարաւը յագեցուց երէկ` 6 յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` աւելի քան երկու ժամ վայելելով տաղանդաւոր երգահան ու երաժիշտ, հայաստանեան եւ սփիւռքեան երաժշտական մարզին մէջ իր ուրոյն դրոշմն ու արժէքը, պատգամն ու խորքայնութիւնը ունեցող Ռոպերթ Ամիրխանեանը:

«Երազ իմ երկիր հայրենի,
Հոգսերդ շատ, յոյսդ մեծ,
Քարքարոտ երկիր»:

Ռոպերթ Ամիրխանեանի անուան հետ միահիւսուած այս երգով սկիզբ առած համերգը մինչեւ վերջին երգը` «Հայի աչքեր»-ը ամբողջովին գերեց լիբանանահայ հանդիսատեսը, մատուցուած յայտագիրը իր հարազատութեամբ եւ բիւրեղութեամբ թափանցեց սրահը լեցուցած հանդիսատեսին հոգիին խորերը` հոնկէ դուրս հանելով յիշատակներ, փոխանցելով պատգամներ, հայկական մաքրամաքուր երաժշտական վայելք ապրելու կարելիութիւն ստեղծելով:

Չսխալեցաւ Ռոպերթ Ամիրխանեանը, երբ «Երկիր հայրենի»-ն նկատեց իր անձնագիրը, որովհետեւ անիկա դարձաւ նաեւ իր անցագիրը` դէպի ամբողջ էութիւնը այս երկու ժամուան ընթացքին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ գտնուելու բախտը ունեցած արուեստասէրներուն:

Տաղանդաւոր ու իր հարազատութեամբ, անմիջականութեամբ յատկանշուող արուեստագէտը ո՛չ միայն երգեց ու նուագեց, այլ զրուցեց ներկաներուն հետ, վարեց ամբողջ յայտագիրը, տիրական ու տպաւորիչ ներկայութիւն դարձաւ ամբողջ ձեռնարկին ընթացքին:

Ռոպերթ Ամիրխանեանի ծննդեան 75-ամեակին նուիրուած հեղինակային երգերու երեկոյին բացումը կատարեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Սարգիս Կիրակոսեան, որ յայտնեց, թէ 30-40 տարիներու գործունէութեամբ եւ տաղանդաւոր աշխատանքով երաժշտական իւրայատուկ աշխարհ ստեղծած, մերօրեայ հայ երգն ու երաժշտութիւնը ծնած Ռոպերթ Ամիրխանեանի նուիրուած երեկոն տօնական բացառիկ հանդիսութիւն է: Ան վեր առաւ Ռ. Ամիրխանեանի ուրոյն դերակատարութիւնն ու մեծ ներդրումը հայկական հարազատ երգին ու երաժշտութեան մարզին մէջ:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած այս երեկոյին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի նուիրական նպատակի մը` «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին եւ անոր բազմաճիւղ գործունէութեան բարգաւաճման ու ծաղկումին:

«Հայրենի երկիր»-ով բացուած հոգետօնը շարունակուեցաւ անանձնական ոգեւորութեամբ եւ նոյնանման ուրախութիւն պատճառող ստեղծագործութիւններով, երբ խորհրդաւոր կերպով հնչեցին նշանաւոր երգահանին կողմէ երաժշտաւորուած ու անանձնականութեան փառաբանանքը կատարող երգի վերածուած երեք բանաստեղծութիւններ` Վահագն Դաւթեանի «Երգ անանձնական»-ը, Եղիշէ Չարենցի «Տաղ անանձնական»-ը եւ Միսաք Մեծարենցի «Տուր ինծի տէր ուրախութիւն անանձնական»-ը: Ռոպերթ Ամիրխանեան յաջողեցաւ դուրս գալ իր անձէն, մտնել այս մեծերուն աշխարհին մէջ, հոնկէ քաղել զգացումներ, ապրումներ, պատկերներ ու այդ բոլորը հրամցնել հանդիսատեսին` գեղեցկագոյն եւ խորքային կերպով:

Ապա լիբանանահայ արուեստասէրը Ռոպերթ Ամիրխանեանին հետ քալեց իր մանկութեան բովով` «Մանկական տեսիլներ»-ուն ճամբով, այնուհետեւ ապրեցաւ ամիրխանեանական գարունը` «Գարնան կաթիլներ»-ու ընկերակցութեամբ:

Նոր մահացած Ալիսիա Կիրակոսեանի յիշատակին իբրեւ յարգանք, անոր տաղանդին ու բանաստեղծական ուրոյն արժէքին իբրեւ դրսեւորում` Ռոպերթ Ամիրխանեան մեկնաբանեց իր երաժշտութեամբ «թեւեր» առած ու աշխարհով մէկ շրջող «Ներիր ինձ, ես քեզ ցաւ եմ պատճառել»-ն ու «Դու ինձ ստիպեցիր, որ ես լսեմ հողին կանչը»:

Անկէ ետք հնչեցին «Երկու կռունկ»-ն ու «Ձախորդ Փանոս» ժապաւէնին համար յօրինուած երաժշտութիւնը:

Յաջորդ հանգրուանով Ռոպերթ Ամիրխանեան մեկնաբանեց «Կարմիր ծաղիկ մը գարունի»-ն` ընկերակցութեամբ Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզլեանին, իսկ Յակոբ  Մկրտչեան երգեց «Մնաս բարով իմ սէր»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռոպերթ Ամիրխանեանի:

Ապա բեմ բարձրացան Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի փոքրիկ անդամները, որոնք խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռոպերթ Ամիրխանեանի, գեղեցիկ եւ հաղորդական կերպով ներկայացուցին վերջինիս պատկանող մանկական երգերու շարան մը:

Երեկոյի աւարտին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Սարգիս Կիրակոսեան յուշանուէր մը յանձնեց Ռոպերթ Ամիրխանեանի:

Աւարտը «Հայու աչքեր»-ով էր, այն աչքերը, որոնց խորքը թափանցած է Ռոպերթ Ամիրխանեան ու գրած իր այս բանաստեղծութիւնը, այն աչքերը, որոնք աւելի քան երկու ժամ շարունակ հետեւեցան առանձինն բեմը լեցուցած ու հարստացուցած Ռոպերթ Ամիրխանեանին, այն աչքերը, որոնք «ջահերն են յոյսի», որոնց յաւերժութեան կը հաւատայ Ամիրխանեան, այն աչքերը, որոնք չհեռացան նշանաւոր արուեստագէտին վրայէն, եւ որոնք անհամբեր պիտի սպասեն Ամիրխանեանի հետ նոր հանդիպումի մը, նոր վայելքի մը, նոր հոգեզրոյցի մը:

Related Post