Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 11 յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վկայականաց բաշխումի հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Սարգիս Կիրակոսեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Հայու հոգիները ջերմացնող այս օրը նոր էջ մը կը բանայ Համազգայինի եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ, Լիբանանի գործունէութեան ծիրին մէջ»: «Համազգայինը եղաւ այն առաջին կառոյցներէն մէկը, որ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր գործնապէս բովանդակութիւն եւ իմաստ տուաւ սփիւռք – Հայաստան գործակցութեան` զայն դուրս բերելով լոզունգային մակարդակէն», շարունակեց Կիրակոսեան եւ աւելցուց. «Այսօր, նոր էջ մը կը բանանք մշակութային մարզին մէջ, երբ չորս-հինգ ամիս առաջ Երեւանի պետական համալսարանի ներկայացուցիչ` դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի հետ որոշուեցաւ ձեռնարկել հեռաուսուցման ծրագիրին»: Յետադարձ ակնարկով մը ան յիշեց, թէ կամքէ անկախ պատճառներով դադրած էր Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին հետ գործակցութիւնը, ուր Երեւանի պետական համալսարանը իր բարերար ազդեցութիւնը ունեցած էր: Այսօր յաջողութեամբ աւարտած է հեռաուսուցման քառամսեայ այդ ծրագիրը, յայտնեց Կիրակոսեան` հաստատելով, որ անիկա պիտի շարունակուի յառաջիկայ վերամուտին իր 2-րդ հանգրուանով, նաեւ` երրորդ հանգրուանով:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեան, որ նշեց, թէ անցեալին գրագիտութեան տարողութիւնը տոկոսի համեմատութեամբ կը նշուէր, իսկ այսօր այդ տարողութիւնը գրեթէ հարիւր տոկոս համեմատութեամբ է: «Սակայն մեզի մտածող մարդ պէտք է, աւելի քան գրագէտը», ընդգծեց Ադամեան` ցաւ յայտնելով, որ «օտարներ մեզ եւ մեր պատմութիւնը աւելի լաւ գիտեն, քան մենք»: Ապա ան խօսքը շրջանաւարտ ուսանողներուն ուղղելով ըսաւ. «Չկարծէք, որ վերջացուցիք ձեր ծրագիրը, մենք ձեզ նետեցինք ովկիանոսի մը մէջ, ուր շա՜տ կարդալ պէտք է, որպէսզի մեր ազգին իրաւունքները իրականանան ու յաղթահարենք մեր նախնիներուն մարտահրաւէրները»:

Իր կարգին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, որ շեշտեց «այս համայնքի հայապահպանման մարդուժի պատրաստութեան խիստ կարիքը»:

«Այլեւս Երեւանի պետական համալսարանը ներկայութիւն կ՛ըլլայ լիբանանահայ համայնքին մէջ», հաստատեց դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան` աւելցնելով, որ Երեւանի պետական համալսարանը որոշած է նախաձեռնել նոր վկայականներու (մագիստրոս…) հայոց պատմութեան եւ գրականութեան, ինչպէս նաեւ ցեղասպանագիտութեան մասնագիտութեամբ: Այս առիթով դոկտ. Յովհաննիսեան իր եւ Երեւանի պետական համալսարանին անունով շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրի յաջողութեան նպաստողներուն` նշելով, որ առանց անոնց աջակցութեան այսօր այս ծրագիրը չէր իրականանար: Ան նաեւ յայտնեց, որ այս առիթով Երեւանի պետական համալսարանը ելեկտրոնային 540 գիրքեր կը նուիրէ շրջանաւարտներուն:

Աւարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անունով Վարդան Ադամեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին անունով դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան յանձնեցին հետեւեալ ուսանողներու վկայականները. Մարի Գասպարեան, Հուրի Եափուճեան, Սեւան Դանիէլեան-Մկրեան, Մարիա Նաճարեան-Ինճէեան, Կիրօ Գարավարդանեան, Թամար Եալմանեան, Ժան Ֆարես Փիլիպոս, Գէորգ Յակոբճեան, Լալէ Բագրատունեան, Սոնա Թիթիզեան, Մարալ Եահնիեան, Անի Պիլալեան, Վարդենի Էթոյեան:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի երաժշտանոցի շրջանաւարտներէն Մարիա Հալլաճեան (ջութակ) եւ Սագօ Հալլաճեան (դաշնակ) ելոյթ ունեցան դասական երաժշտութեամբ:

«Ազդակ»-ի Չորս Աշխատակիցներ Վկայուեցան

«Ազդակ»-ի անձնակազմէն Տօնիկ Տօնապետեան, Ժաք Յակոբեան, Անի Աստուրեան եւ Սիլվա Գարավարդանեան մասնակցեցան սոյն ծրագիրին եւ վկայական ստացան:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը կը շնորհաւորէ իր աշխատակիցները:

Related Post