Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, Հինգշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2014-ին Լիբանան հասաւ Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբը:

Գաղութային կառոյցներուն ծանօթանալու շրջագիծին մէջ, «Վարդանանց» երգչախումբին անդամները այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ծանօթացան կեդրոնին մէջ գործող մշակութային եւ տեղեկատուական կառոյցներու աշխատանքներուն: Այցելութեան յաջորդական հանգրուաններն էին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը, գրատունը եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը, «Ազդակ»-ի խմբագրատունը եւ «Վանայ ձայն»-ը:

Երգչախումբին անդամները առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ պիտի ունենան Պէյրութի մէջ Շաբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2014-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ:

Կիրակի, 5 հոկտեմբեր 2014-ին «Վարդանանց»-ի անդամները պիտի մասնակցին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Ս. պատարագին:

Related Post