Ծափահարութիւններ, յոտնկայս եւ երկար ծափահարութիւններ, նորէն ծափահարութիւններ, քանզի լիբանանահայ մշակութասէր հանդիսատեսը սքանչացած էր Պոլսոյ «Ս. Վարդանանց դպրաց դաս» երգչախումբի աննախընթաց ելոյթով: Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբը, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, իր աննախընթաց ելոյթը ունեցաւ շաբաթ, 4 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ, խմբավարութեամբ` Ատրուշան սրկ.  Հալաճեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լուսի Գահվեճիօղլուի:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով, ուր անդրադարձաւ պոլսահայ համայնքի կարողականութեան եւ առանցքային դերակատարութեան` հայկական իրականութեան մէջ: «Փառահեղ զարթօնք կերտած գաղութը իր բոլոր կառոյցներով մնաց ու կը մնայ կառչած իր առաքելութեան եւ ազգային իրաւունքի պահպանման», ըսաւ ան եւ շեշտեց, որ ելոյթը սոսկ գեղարուեստի գործեր ըմբոշխնելու նպատակով չէ կազմակերպուած, այլ պոլսահայութեան հետ կամուրջը ամրացնելու, համագործակցութեան առաջին հանգրուանը հանդիսանալու եւ նաեւ յենարանը ըլլալու` նորանոր ծրագիրներու մշակումին:

Երգչախումբին անունով հանդէս եկաւ դպրապետ եւ իրաւաբան Սեդրակ սրկ. Տաւութհան, որ նկատել տուաւ, թէ իրենք կու գան Արեւմտեան Հայաստանի մշակոյթի կեդրոնէն` Պոլիսէն, այն գիտակցութեամբ, որ հայը ամէնուր հաւատարմօրէն կառչած է իր ազգային արժէքներուն, զոր կերտած ու պահած է տարիներու ընթացքին: «Իբրեւ դեսպաններ կու գանք մեր ձայնն ու հագագը ի սպաս դնելու Կոմիտասի, Զաքարեանի, Բարսեղեանի, եւ ուրիշներու, որոնք իրենց ստեղծագործութեամբ հսկայ ներդրում ունեցած են հայ լեզուի եւ արուեստի մարզերուն մէջ», ըսաւ Տաւութհան:

Համերգը սկսաւ Կոմիտաս վարդապետի «Ազգային օրհներգով»: Շուրջ երկու ժամ եւ աւելի հանդիսատեսը ապրեցաւ յուզումնախառն պահեր` ունկնդրելով հայ մեծանուն դասականներու եւ աշխարհահռչակ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները: Յաջորդաբար ներկայացուեցան Ժիրայր Արսլանեանցի «Տէ՛ր, կեցո՛ դու զհայս», Կարօ Զաքարեանի «Կը կոնտաս եար», մենակատարութեամբ` Լուսի Գահվեճիօղլուի, Վերտիի «Մաքպեթ » օփերայէն «Փաթրիա Օփրեսսա»-ն, Բարսեղ Կանաչեանի «Նարօ ջան»-ը, մենակատարութեամբ` Գրիգոր Թերզեանի եւ Լուսի Գահվեճիօղլուի, Հենտելի «Մեսիա» օրաթորիոյէն «Ալէլուիա»-ն, Արա Պարթեւեանի օրաթորիոյէն «Գովեա Երուսաղէմ զՏէր»: Պէտք է նշել, որ Ա. մասէն Կոմիտաս վարդապետի «Գութաներգ»-ը յաջողեցաւ հանդիսատեսը հոգեւին փոխադրել հայկական լեռնաշխարհի ընդարձակ տարածքը եւ իր առջեւ բանալ հայ դաշտերու աշխատանքի հրաւէրը:

Երկրորդ բաժինով  ներկայացուեցան Վերտիի «Լա Թրաւիաթա» օփերայէն խմբերգներ, Բարսեղ Կանաչեանի «Վարդերի հետ», կատարողութեամբ` Յովսէփ Գույումճեանի, Լիտիա Տուրմազկիւլերի եւ Ալիս Շահինօղլուի, «Սոնա եարը», մենակատարութեամբ` Յովսէփ Գույումճեանի եւ Անէթ Մեհթերեանի, Արա Պարթեւեանի «Արազը», մեկնաբանութեամբ` Լուսի Գահվեճիօղլուի, Բարսեղ Կանաչեանի «Տալիլօ»-ն, մենակատարութեամբ` Յովսէփ Գույումճեանի եւ Լուսի Գահվեճիօղլուի, իսկ Էտկար Յովհաննիսեանի «Երեւան-Էրեբունի» երգը լաւագոյնս փաստեց, թէ երաժշտութիւնը հայ ազգի հաւաքական հոգիի մէկ մանրանկարն է:

Հանդիսատեսը ունկնդրեց «Կիլիկիա» երգը եւ «Մաղթերգը» (ձօնուած` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին): Համերգի վերջին երգն էր Քարլ Օրֆի «Քարինա Պուրանա» Քանթաթէն «Օ Ֆորթունա»-ն, բայց ներկաներու խանդավառութեան, յուզումին ու երկար ծափերուն իբրեւ երախտագիտութիւն` երգչախումբը կատարեց նաեւ «Հայաստան աշխարհ» երգը: Ծաղկեփունջեր շնորհուեցան խմբավարին ու դաշնակահարին, ապա դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան շնորհաւորելով երգչախումբին անդամներն ու խմբավարը բարձրորակ կատարումներուն առիթով` բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պոլիսը հակառակ հին ըլլալուն միշտ ալ պատանի մնացեր է, Պոլիսը հին է, իսկ հինը ունի աւանդութիւն, աւանդութիւն ունեցողը ունի փորձառութիւն, ունի ճաշակ, բծախնդրութիւն»: Մկրտիչեան նաեւ հաստատեց, որ հայկական Պոլիսը կը շարունակէ մնալ հայ մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, ապա ան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խմբավարին փոխանցեց յուշանուէր մը, որ «խորունկ յուզումի եւ տասնամեակներու կարօտի» արտայայտութիւնն է:

Նոյն ատեն դպրապետ Սեդրակ սրկ. Տաւութհան երգչախումբին անունով երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան իր խօսքը արտասանեց եւ իբրեւ յիշատակ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխանցեց «Վարդանանց» երգչախումբին կողմէ յուշանուէր մը:

Համերգի աւարտին հուսկ բանքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ Լիբանանի եւ Պոլսոյ միջեւ եղած հեռաւորութիւնը այսօր արուեստի բարձր կատարողութեամբ լեցուեցաւ: Պոլսահայութիւնը յիշեցուց, որ գողտրիկ միջավայրի մը մէջ տակաւին հայ ժողովուրդը հաւատարմօրէն կ՛ապրի հայ մշակոյթով: Ան շնորհաւորեց երգչախումբի բոլոր անդամները, խմբավարը, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Կեդրոնական վարչութիւնը եւ բարի ու յաղթական երթ մաղթեց «Վարդանանց» երգչախումբին` ազգային երաժշտական մտածողութիւնն ու կառուցուածքը պահպանելու իր առաքելութեան մէջ: Երգչախումբին կատարողութեամբ Տէրունական աղօթքով աւարտին հասաւ համերգը:

Related Post