Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 4 մայիս 2015-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցիչ, մտաւորական եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի «Ականեալ ձայներ» գիրքին շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Սիլվա  Քիւրքճեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները նախ ներկայացուց Սարգիս Կիրակոսեանը` իբրեւ արձակագիր, թարգմանիչ, բանաստեղծ, խմբագիր, կրթական գործիչ` անդրադառնալով անոր գրական վաստակին ու գործունէութեան, հայագիտական շրջանակին մէջ անոր ունեցած մեծ ներդրումին, ապա իբրեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ անոր բերած գրական նպաստին` ի սպաս միութեան: Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ Սարգիս Կիրակոսեանի սոյն հրատարակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կու գայ անգամ մըն ալ փաստելու մեր մշակոյթի գոյատեւման ու ծաղկման յարատեւութիւնը:

Ելոյթ ունեցաւ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, որ խրոխտ ու առնական ձայնով մեկնաբանեց ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգեր: Ապա Իրմա Գապագեան-Տէտէեան իւրայատուկ ոճով ու գեղեցիկ առոգանութեամբ ներկաներուն հրամցուց

Սարգիս Կիրակոսեանի «Ականեալ ձայներ» հատորէն  «Աղօթքը», «Անաւարտ վերջերգ» եւ «Տխուր վրգ» բանաստեղծութիւնները:

Խօսք առաւ գրականագէտ դոկտ. Շուշիկ Տասնապետեան: Ան յայտնեց, որ նոր հրատարակուած գիրքով Սարգիս Կիրակոսեան կը յայտնաբերուի իբրեւ տաղանդաւոր բանաստեղծ: Անոր գիրքը բազմաբովանդակ է նիւթի առումով: Ան նշեց, թէ ուշագրաւ է խիտ ու սեղմ տողերու մէջ երեւոյթ մը լիովին պատմելու եւ ներկայացնելու հեղինակին մեծ տաղանդը: Ան նշեց, որ գիրքը կը բաղկանայ 13 մասերէ: Բովանդակութեան առումով բաւական հարուստ է եւ քնարերգութեան բոլոր թեմաները կ՛ընդգրկէ` ինչպէս` արիւնի, գեղեցկութեան, սիրոյ, մահուան: Շուշիկ Տասնապետեան նկատել տուաւ, որ Սարգիս Կիրակոսեան յաջողած է դէմ յանդիման գալ մահուան, ու վերլուծել մահուան ներկայութիւնը մարդու կեանքին մէջ: Այս առումով ալ ան կարդաց հատուածներ «Խեղանդամ  ունայնութիւն» եւ «Մահախօս լռութիւն» քերթուածներէն:

Ան ակնարկեց գիրքին մէջ տեղ գտած հին ու նոր բանաստեղծութիւններու` ըսելով, թէ հինի ու նորի մէկտեղումը իւրայատկութիւն մըն է, որուն շնորհիւ ընթերցողը կրնայ հետեւիլ հեղինակի մաքառումներուն, հոգեկան տագնապին, ապրումներուն եւ յառաջընթացին:

Շուշիկ Տասնապետեան նշեց, որ Սարգիս Կիրակոսեանի լեզուն թափանցիկ է, զուլալ, հարուստ: Բանաստեղծութիւնները փարթամ պատկերներով կը գերեն ընթերցողը: Շուշիկ Տասնապետեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ Սարգիս Կիրակոսեան հայ-արաբական գրական կապի լաւագոյն ներկայացուցիչը կը նկատուի, այս առումով ալ ան նշեց Կիրակոսեանի «Քաղաքին աստղերն ալ ընկերներ չունին» խորագրեալ ոտանաւորը:

Ան նորանոր նուաճումներ մաղթելով Սարգիս Կիրակոսեանին աւարտեց իր խօսքը:

Գեղարուեստական յայտագիրին բաժին բերաւ նաեւ Շողիկ Թորոսեան, որ թովիչ ու առինքնող ձայնով հմայեց ներկաները` մեկնաբանելով երկու երգ, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի: Ապա ելոյթ ունեցան Ճենտերեճեան եղբայրները, որոնք ջութակով երկու կտոր մեկնաբանեցին, որոնցմէ մէկուն դաշնակով ընկերակցեցաւ Նարէ Աղասարգիսեան:

Խօսք առաւ հայրենի գրականագէտ դոկտ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան: Ան ակնարկելով Սարգիս Կիրակոսեանի առաջին գործին` «Այս է Արիւն իմ» (1973), հաստատեց, որ երիտասարդ բանաստեղծը առաջին գործով ինքզինք կը ներկայացնէ,  իր հոգին, ներքին էութիւնը եւ հոգեկանը կը բացայայտէ հանրութեան: Այս հատորին արժէքը կը մնայ վաւերական, որմէ ետք Սարգիս Կիակոսեան կը մնայ գրականութեան պատնէշին վրայ, իբրեւ արձակագիր, գրական-գեղարուեստական գործունէութիւն մշակող մարդ:

Ապա Երուանդ Տէր Խաչատուրեան անդրադառնալով Կիրակոսեանի երկրորդ գործին` «Այս է մարմին իմ», կ՛ըսէ, թէ գիրքին մէջ տառացիօրէն կը ներկայացուի բանաստեղծի էութեան  ըմբռնումը, գրականութեան մտածումը, շրջապատող առարկայական աշխարհը:

Ե. Տէր Խաչատուրեան ակնարկեց նաեւ  Ս. Կիրակոսեանի` «Մայրիներու Ծիածանը» գիրքին, որ մեծ արձագանգ ձգած է` իբրեւ ժամանակակից արաբական գրականութեան  մասին հայերէնով լոյս տեսած աշխատութիւն:

Ապա Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ Սարգիս Կիրակոսեան այն տաղանդաւոր գրագէտներէն է, որ գիտէ միշտ նորը գրել, գիտէ ինքզինք չկրկնել, ընտիր գրական վերլուծումներ ընել:

Վերջապէս, անդրադառնալով «Ականեալ ձայներ» գործին, ան ըսաւ, թէ հատորը կ՛ընդգրկէ հեղինակին նրբագոյն ելեւէջները, վերջին տասնամեակներուն անոր ձեռքբերումները, հոգեկան անկումներն ու վերելքները:

Ան յայտնեց, որ գիրքը հեղինակը բացայայտելու, միաժամանակ արդի հայ գրականութեան մէջ նաւարկելու մեծ կարելիութիւն կու տայ ընթերցողին:

Ան աւարտեց իր խօսքը շնորհաւորելով բոլորը «Ականեալ ձայներ» գիրքի հրատարակման առիթով, ապա ըսաւ, թէ հատորը հայ գրականութեան երկնակամարին վրայ լաւագոյն եւ ուշագրաւ երեւոյթներէն մէկն է:

Սիլվա Քիւրքճեան ընթերցեց Սարգիս Կիրակոսեանի գիրքի հրատարակման առիթով Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդ. Միլիտոնեանի նամակը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ ժողովածուն արդի հայ բանաստեղծութեան բարձր առոգանութեան գեղեցիկ վկայութիւն է, նաեւ բանաստեղծութեան միջազգային ոլորտներուն մէջ սաւառնելու իրաւունքը նուաճած բանաստեղծական իրողութիւն:

Եփրեմ արք. Թապագեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական օրհնութեան գիրը Սարգիս Կիրակոսեանի «Ականեալ ձայներ» գիրքի շնորհահանդէսին առիթով:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Սարգիս Կիրակոսեան: Ան խորին շնորհակալութիւն  յայտնեց բոլոր ներկաներուն անհատաբար եւ մասնաւորաբար բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին գեղարուեստական յայտագիրին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր ընկերոջ` Ցոլակ Թիւթէլեանին, առանց որուն կարելի պիտի չըլլար լոյս աշխարհ բերել գիրքը:

Ան ակնարկելով սրահի խորհրդաւորութեան ըսաւ, թէ ինչքան ալ գրենք, այս սրահին մէջ մեզ շրջապատող գիրքերու ծանրութեան ու պատմական մեծ արժէքին դիմաց մենք զմեզ համեստ կը զգանք, բայց միաժամանակ ականատես կ՛ըլլանք  Հայ դատի անժամանցելիութեան:

Ապա աւելցուց. «Գիրքերը մեզ միշտ ալ կը դնեն ծանր մարտավարութեան ու պատասխանատուութեան տակ, ամէն օր հաշուետուութիւն ունինք տալիք մեր անմիջական շրջապատին»: Ան իր խօսքի աւարտին խորին շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին:

Ձեռնարկի աւարտին Սարգիս Կիրակոսեան իր գիրքը մակագրեց բոլոր անոնց, որոնք փափաքեցան խորանալ ու բացայայտել անոր աշխարհը գիրքի էջերուն ընդմէջէն:

Related Post