Նախագահութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի, Համազգայինի պարարուեստի դպրոցը երէկ` ուրբաթ, 22 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ լիբանանահայ հանրութեան դատին յանձնեց աւելի քան եօթը ամսուան հետեւողական ջանքերուն արդիւնքը հանդիսացող «Գայեանէ» պարախումբի ոգեւորիչ ու յուսադրիչ տարեկան ելոյթը:

5-22-15_232

 

Աւելի քան 230 մանուկներ եւ պատանիներ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ արուեստով թնդացուցին սրահը, ուրկէ հնչող հայկական եւ օտար երաժշտութեան կշռոյթներով բռնուած պարերուն ընդմէջէն  «Գայեանէ»-ի աշակերտները եկան հաստատելու, որ լիբանանահայութիւնը ունի հայկականութեամբ օժտուած, հայկական մշակութային արժէքներուն գիտակ սերունդներ:

Ելոյթին բացումը կատարեց «Գայեանէ»-ի այս տարուան պարուսոյցներէն Ժաքլին Մակինեան` «Ով սիրուն, սիրուն» երգին կշռոյթներով: Ապա «Գայեանէ»-ի տարիքային տարբեր խումբեր հանդէս եկան «Էնզելի», «Եարխուշտա», «Պարմանի», «Զումպա», Կինտոներու պարերով, ապա պալէի խումբը ներկայացուց «Քնացած իշխանուհին»: Առաջին բաժինը վերջ գտաւ Բաց դաս պարով` մասնակցութեամբ պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլին, որ շատ հետաքրքրական կերպով գրաւեց ներկաները, որովհետեւ լի էր անմիջականութեամբ, հարազատութեամբ ու անմեղութեամբ:

Երկրորդ բաժինով «Գայեանէ» պարախումբը ներկայացաւ գնչուական, հնդկական, ուքրանական, ծովահէններու եւ «Հա-ֆա-նա-նա» պարերով: Ապա պարուսոյցները սրահը լեցուցած ծնողներուն եւ արուեստասէրներուն ներկայացուցին արհեստավարժ եւ գրաւիչ թանկօ մը:

Անկէ ետք բեմ բարձրացաւ Համազգայինի տհոլի համոյթը, որ հանդէս եկաւ քանի մը կատարումներով:

Յաջորդ հանգրուանով բեմը լեցուցին «Գայեանէ»-ի աշակերտները` «Աշխարհումս ախ չիմ քաշի» եւ «Սարդարապատ» պարերով:

Վերջընթեր պարը, որ աւելի երկար էր միւսներէն, նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Տպաւորիչ եւ խորհրդաւոր բեմադրութեամբ ներկայացուած պարին ընդմէջէն ներկայացուեցաւ 1915-ի սպանդը, հայ ազգը բնաջնջելու թրքական փորձը, ինչպէս նաեւ հայութեան վերապրումը, գոյատեւումը եւ վերածաղկումը:

Աւարտին բեմը հարստացաւ 230 մանուկներով եւ պատանիներով, որոնք յաջորդաբար տարբեր պարերով ներկայացան` հրաժեշտի վերջին պարով:

Նշենք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, միեւնոյն սրահին մէջ, «Գայեանէ» պարախումբը պիտի ունենայ իր երկրորդ եւ վերջին ելոյթը:

 

Attachments
  • 5-22-15_232

Related Post