Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Չորեքշաբթի, 7 Մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ազգին գանձերը. Պալեաններ» հատորին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ հեղինակին` ճարտարապետութեան դոկտոր փրոֆ. Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեանի:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան ներկայացուց հեղինակին կենսագրական տուեալները: Ան ըսաւ, թէ 1990-ին Գրիգորեան նշանակուած է Հայաստանի ճարտարապետութեան Ազգային թանգարանի տնօրէն: Ան հաւաքած է քաղաքաշինութեան եւ ճարտարապետութեան հետ առնչուող ուսումնասիրութիւններ եւ գրութիւններ` թանգարանին մէջ ստեղծելով հարուստ արխիւ-գրադարան մը` աւելցնելով, որ Գրիգորեան ստեղծած է նաեւ հայ ճարտարապետներու գործունէութիւնը ներկայացնող արխիւ: Տաղլեան նկատել տուաւ, որ «Հայոց ազգին գանձերը. Պալեաններ» մենագրութիւնը ճարտարապետական բնագաւառին մէջ ճանչցուած է իբրեւ լաւագոյն հրատարակութիւն եւ արժանացած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի մեծ մրցանակին: Այնուհետեւ Տաղլեան հրաւիրեց հեղինակը` ներկայացնելու իր հատորը:

Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:

Related Post