Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ` Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Լ. Պուսթանիի «Histoire de la Grande famine au Mont-Liban(1915-1918) Un génocide passé sous silence» գիրքին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 5 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ:

Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նահատակներու յիշատակը, ապա «Ֆայհա» երգչախումբը բարձր կատարողութեամբ մեկնաբանեց լիբանանեան քայլերգը եւ փունջ մը երգեր, Պարգեւ Թասլաքեանի խմբավարութեամբ: Գեղարուեստական  յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի սենեկային համոյթը:

Related Post