Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 22 Փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յասմիկ Շահինեանի հեղինակած «Այն օրը, երբ…» մանկական գիրքի շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքէն ետք, Սօսէ Ճինպաշեան մանուկներուն հասկնալի ոճով ներկայացուց մանկական գրականութեան կարեւորութիւնը եւ ազդեցութիւնը երեւակայութեան ու հոգեկան աշխարհին վրայ` ներկայացնելով մանկական գրականութեան սեռերը, ինչպէս նաեւ օրինակներ տալով մէջբերումներ կատարեց անոնց մասին:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներ Սելա Սվաքճեան եւ Կասիա Լեւոնեան:

Related Post