Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին կազմակերպութեամբ Ուրբաթ, 30 Յունուար 2015-ին, քոլեճի վարիչ տնօրէն Արմէն Ճենտերեճեան, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ ներկայացուց Ալեքսանտր Սպենդիարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Արմէն Ճենտերեճեան յայտնեց, որ Սպենդիարեանը կը նկատուի հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիրներէն մէկը, որ իւրացնելով ժողովրդական երաժշտութեան օրինաչափութիւնները, դաստիարակուելով եւրոպական եւ ռուսական դասական երաժշտութեամբ, ընդարձակած է ազգային երաժշտութեան շրջանակները, հիմքը դրած հայ դասական սիմֆոնիք երաժշտութեան եւ ստեղծած «Ալմաստ» օփերան:

Ալեքսանտր Սպենդիարեան ծնած է 1871-ին, Խրիմ, վաճառականի ընտանիքի մէջ: Անոր մանկական երաժշտական տպաւորութիւնները կապուած եղած են ընտանիքի մթնոլորտին եւ Խրիմի երաժշտական կենցաղին հետ: 1896-1900 թուականներուն Սպենդիարեան աշակերտած է նշանաւոր յօրինող Ն. Ռիմսքի Քորսաքովին: Անոր աշխարհահայեացքի ձեւաւորման մէջ մեծապէս նպաստած է կապը ռուսական արուեստի յայտնի  ներկայացուցիչներուն եւ հայ մշակոյթի յառաջադէմ գործիչներուն հետ:

Related Post