Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին զուգընթաց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90-ամեակը առիթ մըն է, անգամ մը եւս հաստատելու, թէ ամբողջ աշխարհի մէջ իր թեւերը լայն բացած այս միութեան գոյատեւման գաղտնիքը կը բացայայտուի իր սրբազան առաքելութեամբ՝ հայ լեզուի կողքին հայ մշակոյթի պահպանումով եւ տարածումով։
Արդարեւ, պարտադրեալ Սփիւռքի մէջ, իր ապագայատեսիլ հիմնադիրներուն շնորհիւ հիմնուած այս հսկայ միութիւնը իր ուսերուն առաւ մշակոյթի նախարարութեան մը դերն ու պարտաւորութիւնը, զորս վարեց ձեռնհասօրէն, յաջորդական սերունդներու արեան մէջ ներարկելով ՀԱՅ մշակոյթի պաշտամունքը։
2018-ի օրացոյցը կը ձօնենք Լիբանանի մէջ գործած եւ գործող բոլոր կամաւոր համազգայնականներուն եւ անոր համակիրներուն, որոնք հաւատալով այս միութեան թէ՛ ներկային եւ թէ ապագային, իրենց գործօն դերակատարութիւնը ունեցան ի խնդիր հայ մշակոյթի պանծացման։
Ներկայացնելով Լիբանանի շրջանի Համազգայինի այժմու գործունէութիւնը, կը շնորհաւորենք 90-ամեակը մեր բոլորին սիրելի Համազգայինին, եւ կը մաղթենք, որ յաղթական երթը շարունակուի դեռ երկար տարիներ։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ