Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, կիրակի, 9 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը  8:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գուսան» երգչախումբին ելոյթը, խմբավարութեամբ` Գրիգոր Ալլոզեանի, Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Յաբէթ Վանայեանի յիշատակին:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:

kousan-1_8-10-15

Վարչութեան անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Ադամեան: Ան ըսաւ, թէ երբ մուսալեռցին Այնճար հաստատուեցաւ, կարիքը զգաց հիմը դնելու մշակութային միութեան մը, որպէսզի նոր սերունդը չձուլուի եւ աւելիով կապուի իր ազգին ու իր հայրենիքին: Այդ պատճառով 1971-ին հիմը դրուեցաւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, որ կազմակերպեց եւ տակաւին կը կազմակերպէ Այնճարի մշակութային կեանքն ու ձեռնարկները` հիմնելով թատերախումբեր, պարախումբեր, երգչախումբեր, գեղանկարչական դպրոց եւ ասմունքի խմբակ:

kousan-3_8-10-15

Բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գուսան» երգչախումբը, որ ներկայացուց խմբերգներու փունջ մը Կոմիտասէն, Մակար Եկմալեանէն, Գրիգոր Սիւնիէն, Կարամուրզայէն եւ Բարսեղ Կանաչեանէն:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան մենակատարներ Շողիկ Թորոսեան, Յարութ Գալողլեան, Կարօ Քէլէշեան, Համազասպ Մաթոյեան եւ Գէորգ Քէօշկերեան:

Դաշնակով ելոյթին ընկերակցեցաւ Շանթ Նոխուտեան, իսկ սրինգով հանդէս եկաւ Լորի Եափուճեան:

Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ ներկաները հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով հետեւեցան բարձրորակ կատարումներուն:

Related Post