Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը «Պէյրութ Չանթս»-ի նախաձեռնած հոգեւոր երաժշտութեան Պէյրութի 7-րդ փառատօնի ծիրին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով տօնական համերգ մը ներկայացուց շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը: Խումբերու գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարն էր Զաքար Քէշիշեան, իսկ դաշնակահարները` Լիանա Յարութիւնեան եւ Արեգ Տաղլեան:

Համերգին բարի գալուստի խօսքը փոխանցուեցաւ արաբերէնով, նշուեցաւ, որ հաւաքուեր ենք մասնակից դառնալու փոքրիկ հրեշտակներու Ամանորի հոգեւոր եւ աւանդական երգերու կատարումներուն: Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ Փոլա Եագուպեանին, որ հովանաւորեց համերգը եւ նեցուկ կանգնեցաւ անոր կայացման:

Երգչախումբի փոքրիկ անդամները` ուրախ եւ աշխուժ, գրաւելէ ետք իրենց տեղերը, Ամանորի ուրախ երգերով սկսան յայտագիրը: Հայերէն երգերուն զուգահեռ հնչեցին նաեւ արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն գեղեցիկ ու հետաքրքրական յօրինումներ եւ մշակումներ: Գեղեցիկ հնչեցին Զեքի Նասիֆի «Նայիլի ահլա Զահրա» եւ «Ռաժեհ ռաժեհ» երգերը: Ուշագրաւ էր նաեւ «Տը սաունտ աֆ միուզիք» երգին բարձրորակ կատարումը: Ս. Ծնունդի անգլերէն երգերու շարքով մը յայտագիրի առաջին բաժինը իր աւարտին հասաւ:

Փոքրիկներուն փայլուն դէմքերէն ճառագայթած նշոյլները ջերմացուցին իւրաքանչիւրի հոգին ու իրենց կարկաչուն ձայնով յաջողեցան բոլորին սրտերը լեցնել սիրով ու բարութեամբ:

Յայտագիրին երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը, որ ներկայացուց «Հայաստան» երգը: Հիանալի կատարում էր «Աւէ Մարիա»-ն եւ «Է ֆրենչ Քարոլ Սուիթ» երգերը: Մեծապէս խանդավառեց «Ճինկըլ պելզ»-ի կատարումը իր իւրայատուկ մշակմամբ: «Ուի ուիշ եու է մերի քրիսմըս» երգով իր աւարտին հասաւ երկրորդ բաժինը:

Հանդիսականները հիանալի երգեցողութեամբ հրապուրուած էին, երբ փոքրերը իրենց ափերուն մէջ վառած մոմերով «Խորհուրդ մեծ» շարականի խորհրդաւոր երգեցողութեամբ եւ հանդիսաւոր մուտքով եկեղեցի մտան եւ միացան երիտասարդներուն, որոնք իրենց ձայները միացուցին փոքրերուն եւ բոլորին հաղորդեցին Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը:

Երգչախումբերուն ոգեշունչ կատարումներով եւ հոգեպարար տրամադրութեամբ տեղի ունեցած համերգը աւարտեցաւ ներկաներուն բուռն ծափողջոյններով եւ ծաղկեփունջերու նուիրմամբ խմբավարին եւ դաշնակահարներուն:

Related Post