Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը տարիներէ ի վեր սովորութիւն դարձուցած է կազմակերպումը միջդպրոցական գծագրական մրցանքի, որ յաճախ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ դպրոցականներուն մէջ, կը խրախուսէ զանոնք եւ ճամբայ կը հարթէ դէպի յաւելեալ մասնագիտացում: Այս տարի այս մրցումը իր շուրջ համախմբեց 19 հայկական դպրոցներէ 49 աշակերտներ, որոնք այս մրցումին ճամբով նոր փորձառութիւն ապրելու եւ իրենց ձիրքերը դրսեւորելու ու հանրութեան ներկայացնելու ուրոյն կարելիութիւն ունեցան: Այս տարուան մրցումը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Շաբաթ, 14 մարտի առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրուան 12:00 տեղի ունեցաւ մրցումը, իսկ կէսօրուան ժամը 1:00-2:00 հրապարակային ցուցահանդէս` ներկայութեամբ աշակերտներուն ծնողներուն եւ արուեստասէրներուն: Օրուան հիւր արուեստագէտն էր արուեստի վաստակաւոր գործիչ, քանդակագործ Զաւէն Խտըշեան:

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անունով մրցանքին մասնակից աշակերտներուն բարի գալուստ ու յաջողութիւն մաղթեց  Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման մրցումներ կրնան արուեստի նկատմամբ սիրոյ սերմեր ցանել եւ առիթ ըլլալ, որ իբրեւ ասպարէզ նկատի առնուի նաեւ այս բնագաւառը: Կ. Գապասագալեան ամփոփ գիծերու մէջ աշակերտներուն ներկայացուց նաեւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կողքին գործող Համազգայինի գեղարուեստի միւս դպրոցներն ու միաւորները: Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնը լուսարձակի տակ առաւ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ արուեստի կարեւորութիւնը` նշելով, որ անիկա դէպի գեղեցկութիւն եւ խաղաղութիւն ընթանալու ուրոյն ուղի է: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւր արուեստագէտին, ծնողներուն եւ աշակերտներուն` իրենց մասնակցութեան համար:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեան, որ լուսարձակի տակ առնելով արուեստի կարեւորութիւնը` կոչ ուղղեց գուրգուրալու նոր սերունդին, յատկապէս տաղանդաւոր տարրերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ըլլան ապագայի հայ արուեստագէտները, հայկական արուեստն ու մշակոյթը պիտի ներկայացնեն աշխարհին: Ան նաեւ աշակերտներուն թելադրեց լրջութեամբ մօտենալ արուեստին, որովհետեւ այդպիսով կարելի է յառաջդիմել եւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրել:

Ապա բաժինի վարիչ Ռազմիկ Պերթիզլեանի ղեկավարութեամբ աշխատանքի լծուեցան մրցանքին մասնակից աշակերտները, որոնք բաժնուած էին տարիքային երեք խումբերու` 6-8 տարեկան աշակերտները մաս կը կազմէին առաջին խումբին, 9-12 տարեկանները` երկրորդ խումբին եւ 13-16 տարեկանները` երրորդ խումբին:

Կէսօրուան ժամը 1:00-ին աւարտեցաւ մրցումը, ընտրուեցան իւրաքանչիւր խումբի երեք լաւագոյն մասնակիցները: 6-էն 8 տարեկան խմբակին առաջինը հանդիսացաւ Լուչիանա Ղազարեան` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, Յովսէփ Կիւրիւնեան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, Մարլեն Յակոբեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն: 9-էն 12 տարեկաններու խմբակէն առաջնութիւնը խլեց Հուրի Օհանեան` Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանէն, երկրորդ դիրքին վրայ էր Յովհան Հալաճեան` Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանէն, երրորդ` Լուչիանա Տիրացուեան` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն: 13-էն 16 տարեկան   խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Գէորգ Տէտէեան` Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանէն, երկրորդ` Լիլիթ Մկրեան` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, երրորդ` Ալիսիա Լեւոնեան` Սահակեան-Մկրտիչեան վարժարանէն:

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր խումբէն առաջին հանդիսացող աշակերտը ստացաւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2015-2016 տարեշրջանի կրթաթոշակ, երկրորդը` կրթաթոշակէն 50 առ հարիւրը եւ երրորդը` 25 առ հարիւրը: Այս առիթով շնորհակալ նախաձեռնութեամբ մը այս տարի եւս բոլոր մասնակիցները նուէրներ` գծագրութեան վերաբերող իրեր ստացան Արամ Պոսնոյեանի կողմէ` «Ֆէյպըր Քեսըլ» հաստատութենէն:

Related Post