Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի, ներկայացուած` ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանի կնոջմով, սկսաւ Այնճարի փառատօնը:

Փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը` հայկական, արաբական եւ վրացական պարերով` երկու հանգրուանով:

Փառատօնին աւարտին «Քնար» պարախումբը պարգեւատրուեցաւ յուշանուէրով մը:

Related Post