Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպութեամբ մամլոյ 101-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռաֆֆի Տեմիրճեան, որ համառօտ ձեւով ներկաներուն ծանօթացուց «Ուիքիփետիա»-ն, ապա յայտնեց, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ը հասարակական կազմակերպութիւն է եւ կը միտի իր նախագիծերուն ճամբով տեղեկատուական հասարակութիւն ձեւաւորել` ներգրաւելով հասարակական լայն շերտեր:

Ան յայտնեց, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութիւնը արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման ծրագիրներուն կողքին կ՛աշխատի հանրութեան ներկայացնել հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ հիմնախնդիրները:

Տեմիրճեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ արհեստագիտական արդի գործիքները պէտք է  ծառայեցնել ի նպաստ մեր արժէքներուն:

Ելոյթ ունեցաւ «Ուքիմետիա Հայաստան»-ի նախագահ եւ հիմնադիր Սուսաննա Մկրտչեան եւ ներկայացուց արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի ստեղծման ու զարգացման մասին ծրագիրը:

Related Post