Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ նախագահութեամբ Թալին Խաչատուրեանի, շաբաթ, 6 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սէն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Պու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի դասական երաժշտութեան երեկոյ:

IMG_3611

IMG_3435

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները որ անդրադարձաւ ձեռնարկի շարժառիթին ու յայտագիրի գլխաւոր մասերուն:

«Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը ունի աւելի քան 32 տարիներու կրթական ծառայութիւն, վկայ` իր հունձքերը», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Երբ հայ մշակոյթի կարեւորութեան մասին կը խօսինք, մեզի համար հասկնալի կը դառնայ, որ անոր պահապան հրեշտակը Համազգայինն է: Հետեւաբար, ձեզի կը վստահեցնենք, թէ այնքան ատեն որ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին սիրտը կը տրոփէ, այնքան ատեն սփիւռքի մէջ պիտի ապրի հայ ազգագոյն երաժշտութիւնը»: Ան իր եւ քոլեճի խնամակալութեան անունով գնահատական խօսքերով դրուատեց քոլեճի երաժշտական ղեկավար, մեծատաղանդ ու բազմավաստակ ծառայութեան տէր` Արմէն եւ Աշոտ Ճենտէրէճեանները: Նմանապէս ան գնահատական խօսք ուղղեց քոլեճի խմբավարներուն եւ ուսուցչական կազմին, «որոնք իրենց առաւելագոյնը կու տան մեր նոր սերունդին»: Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց նաեւ օրուան նախագահ Թալին Խաչատուրեանին, որ սիրայօժար ստանձնած է սոյն ձեռնարկին նախագահութիւնը` միշտ ընդառաջելով Համազգայինի օժանդակութեան դիմումներուն: Ան նշեց, թէ Խաչատուրեան ընտանիքը Համազգայինի մնայուն բարերարներէն է:

IMG_3502IMG_3791Կարճատեւ դադարներով ներկայացուեցաւ յայտագիրը, որուն ընթացքին առաջին հերթին Բերկովիչէն յատուկ երգերով ելոյթ ունեցաւ Սենեկային համոյթը, խմբավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի, մենակատար` Սելին Կոկեան: Ապա հայկական եւ օտար երգերով հանդէս եկաւ «Տաւիղ» համոյթը, գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար` Մկրտիչ Միքայէլեան, մենակատարներ` Սեւան Ադամեան եւ Ճոնի Կէօքճեան: Չայքովսկիի «Փոքրիկ կարապներու պարը» խորագրեալ երաժշտութեամբ ելոյթ ունեցաւ Քառեակ սրինգը, խմբավար` Կարօ Սվագճեան: Անոր յաջորդեց մենակատարներու համոյթը, որ Կոմիտասէն, Վիվալտիէն, Մանֆրետինիէն եւ Պոկկերինիէն նուագեց գլուխ գործոցներ, գեղարուեստական ղեկավար` Աշոտ Ճենտերէճեան, մենակատարներ` Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերէճեաններ:

IMG_3828IMG_3858Ձեռնարկի գլխաւոր ու հաճելի  անակնկալը եղաւ, երբ Կարպիս Գապասագալեան բեմ հրաւիրեց, անակնկալօրէն հիւրաբար ձեռնարկին ներկայ եղող լիբանանցի հանրածանօթ արուեստագէտ Ուատիհ Սաֆիի որդին` դոկտ. Անթուան Ուատիհ Սաֆի, որ դաշնակի վրայ նուագելով հայերու հանդէպ իր սէրն ու ողջոյնը փոխանցեց «Լիբանանի երկինքէն դէպի Երեւանի երկինքը»` ելոյթ ունենալով «Լիբանան ու Երեւան` երկինքէն կտոր մը Երկրի վրայ» («Լուպնան ու Երեւան ըթաաթ սամա աալ արտ…») ծանօթ երգով` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափողջոյններուն: Ջութակի վրայ անոր ընկերակցեցաւ իր որդին: Այս առթիւ իր սրտի խօսքը փոխանցելով` դոկտ. Անթուան Սաֆի մեծապէս դրուատեց հայերու ներդրումը Լիբանանի մշակութային ու երգարուեստի մարզերուն մէջ ու առհասարակ անոնց սէրը` մշակոյթի ու երաժշտութեան նկատմամբ: «Ձեր արժէքը ոչ ոք գիտէ մեզի չափ եւ ոչ ոք մեզ կը գնահատէ ձեզի չափ», ընդգծեց դոկտ. Սաֆի:

«Հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդները պատմութեան հնագոյն ժողովուրդներէն են, անոնք պայքարեցան ազատութեան եւ մարդու արժանապատուութեան  համար: Հայ ժողովուրդը ա՛յն ժողովուրդն է, որ պայքարեցաւ եւ կը պայքարի ի՛ր հողերու ձեռքբերման համար, եւ ոչ թէ ուրիշին հողերուն տիրանալու», շեշտեց ան: Անթուան Սաֆի հաստատեց, որ հայութիւնը մշակոյթ կերտող եւ մշակութասէր ժողովուրդ է, որուն արժէքներն ու ստեղծագործութիւնները հայութեան շրջագիծէն դուրս գալով` համամարդկային տարողութիւն կը ստանան:

Related Post