Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անաթոլիա եւ Հայ մշակութային հետքեր… 19 քաղաք, 15 հետք» նիւթով դասախօսութիւն մը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ պոլսահայ գաղութը անկիւնադարձային հանգրուան մը կ՛ապրի այսօր, եւ այդ երեւոյթը ի յայտ կու գայ պոլսահայութիւն – Հայաստան – սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ պոլսահայութեան կեանքին մէջ վերջերս թափ առած ուսումնասիրութիւններու, գիտաժողովներու, մշակութային ձեռնարկներու եւ ընդհանրապէս քաղաքական կեանքին մէջ եղած ներդրումին ընդմէջէն: Ապա Սիլվա Քիւրքճեան ներկայացուց օրուան դասախօս ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուի կենսագրականը եւ զայն հրաւիրեց ներկայացնելու իր նիւթը:

Զաքարիա Միլտանօղլու մօտաւորապէս մէկուկէս ժամուան տեւողութեամբ լուսանկարներու ցուցադրութեան ընկերակցութեամբ ներկայացուց «Անաթոլիա եւ հայ մշակութային հետքեր… 19 քաղաք 15 հետք» նիւթով դասախօսութիւնը:

Զ. Միլտանօղլու իր դասախօսութեան մէջ յայտնեց, որ հազարաւոր քաղաքներ, գիւղաքաղաքներ, գիւղեր եւ շրջաններ, ուր հայութեան հետքեր կարելի է գտնել… «19 քաղաք, 15 հետք»-ը խորհրդանիշ է 1915 թուականի 1900 շրջաններու բնակչութեան 1,5 միլիոնի նահատակութեան:

Միլտանօղլու իր դասախօսութեամբ ընտրած էր 19 քաղաքներ եւ շրջաններ: Դասախօսութեան ընդմէջէն ան ներկայացուց իր այցելութիւններու ընթացքին նկարուած եկեղեցիներու, դպրոցներու, հայկական թաղամասերու, եւ ընդհանրապէս հայկական հետք ունեցող վայրերը եւ բաղդատական մը կատարեց այդ նոյն վայրերու անցեալին ունեցած մշակութային արժէքը այսօրուան իրականութեան հետ` փաստելով Թուրքիոյ քաղաքականութեան աւերիչ դերակատարութիւնը այդ հետքերուն նկատմամբ:

Դասախօսութեան աւարտին Միլտանօղլու պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Related Post