

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, շաբաթ, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ համերգ մը:
Ընդունուած սովորութիւն է, որ դպրոցներու, այս պարագային Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտները տարբեր նախաձեռնութիւններով ներկայանան հանրութեան, իրենց նորափթիթ տաղանդները հրամցնեն իրենց ծնողներուն եւ բարեկամներուն, սակայն շաբաթ օր տեղի ունեցածը յատկանշական էր, որովհետեւ այս անգամ ելոյթ ունեցան «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչները, երբեմն արդէն իսկ արուեստի որոշ մակարդակի հասած իրենց աշակերտներուն մասնակցութեամբ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին` երաժշտական քոլեճին նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգատարութեան եւ ուշադրութեան համար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին` բարոյական ու նիւթական նեցուկին համար, ինչպէս նաեւ Ճենտերեճեան եղբայրներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան երաժշտական դպրոցներուն մակարդակի բարձրացման իմաստով, նաեւ ուսուցչական կազմին, որուն իւրաքանչիւր անդամին ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ արուեստով ապրող սերունդներ կը պատրաստուին:
Աւարտին` արուեստի լեզուին դիմաց խօսքեր արտասանելը անտեղի նկատելով, Կարպիս Գապասագալեան բեմահարթակը յանձնեց արուեստագէտ-երաժիշտներուն:
Ապա ելոյթ ունեցաւ կիթառահարներու համոյթը` ուսուցիչ Մկրտիչ Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ. անոնք ներկայացուցին Մ. Միքայէլեանի կողմէ մշակուած «Էլ Վիթօ» եւ «Մալակուենա» կտորները: Տուտուկի վրայ միջնադարեան «Հավուն, հավուն» տաղը նուագեց Յակոբ Քելուկեան, քանոնի վրայ Մարիա Գալֆայեան ներկայացուց «Սարերի հովին մեռնեմ»-ը, Շողիկ Թորոսեան` դաշնակի նուագակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, երգեց Վահան Թէքէեանի «Կ՛անձրեւէ տղաս»-ը, Հ. Պէրպէրեանի երաժշտական յօրինումով: Ջութակահար Աշոտ Ճենտերեճեան ու կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան նուագեցին Փիազոլլայի «Ֆրանքանափա» կտորը, ապա ելոյթ ունեցան ջութակի եռեակը` Արմէն Ճենտերեճեան, Լիւսի Չամսարեան եւ Խաժակ Խաչատուրեան, որոնք նուագեցին Թելեմանէն քոնչերթօ մը: Անկէ ետք Կարօ Սվաճեան ֆլիւթի, Մայք Աշճեան դաշնակի եւ Ռոճըր Սմիթ թաւջութակի վրայ միասնաբար նուագեցին Մայք Աշճեանի «Գարունը Հայաստանում»-ը: Ճենտերեճեան երկեակը ջութակի վրայ նուագեց ժողովրդային երգ մը` «Սիրուհիս», որուն երաժշտական մշակումը կատարած է Աշոտ Ճենտերեճեան, դաշնակի վրայ անոնց կ՛ընկերակցէր Նարէ Աղասարգիսեան: Ապա ներկաները ըմբոշխնեցին չորս ջութակահարներու` Արմէն Ճենտերեճեանի, Մարինէ Հալլաճեանի, Լիւսի Չամսարեանի եւ Աշոտ Ճենտերեճեանի նուագը` Վիվալտիի քոնչերթոն:
Վերջին հանգրուանին ելոյթ ունեցաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի մենակատարներու համոյթը, որուն ընկերակցութեամբ մենակատար Շողիկ Թորոսեան երգեց «Ավէ Մարիա»-ն, ապա ջութակահարներու համոյթը նուագեց Կոմիտասի «Քելէ քելէ»-ն ու Մանֆրետինիէն զոյգ ստեղծագործութիւնները:
Բարձրորակ երաժշտութեամբ եւ արուեստով յագեցած երեկոյ մը, որուն ընթացքին տարբեր առիթներով ներկաները երկար ու բուռն ծափողջոյններով շնորհաւորեցին ու շնորհակալութիւն յայտնեցին Համազգայինի ուսուցիչներուն, որոնք նման ժամեր անցընելու առիթ ընծայեցին իրենց: