Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պոլսահայ գաղութին մասին հետաքրքրական ու շահեկան դասախօսութիւն տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ ազգային, միութենական ներկայացուցիչներու եւ խուռներամ բազմութեան մը:

Համազգայինի անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ յայտնեց, թէ վերջին տասնամեակին պոլսահայութիւնը կարեւոր ժամանակաշրջան կ՛ապրի, ուր ակներեւ են մտաւորականներու փոխադարձ այցելութիւնները Պոլսոյ եւ այլ գաղութներու միջեւ: Ապա ան ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր բանախօսները եւ խօսքը փոխանցեց Զաքարիա Միլտանօղլուի:

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի յօդուածագիր, ճարտարապետ, հասարակական գործիչ Զաքարիա Միլտանօղու ներկայացուց պոլսահայութեան այժմու իրավիճակը` թուելով տակաւին կանգուն ու գործող ազգային հաստատութիւններն ու միութիւնները: Պոլսոյ մէջ ներկայիս կան 35 եկեղեցիներ, որոնց թիւը եռապատիկ էր անցեալին: Բոլոր եկեղեցիներն ալ ունին իրենց յատուկ երգչախումբերը: 1915-ի 62 դպրոցներէն այժմ կը գործէ 18 դպրոց միայն: Կան 16 միութիւններ, 14 գերեզմանատուներ եւ երկու մարզական կեդրոններ` Թաքսիմի եւ Շիշլիի մէջ: Սահիկներու օգնութեամբ Միլտանօղլու ցոյց տուաւ կարգ մը հաստատութիւններու եւ եկեղեցիներու նկարներ, ինչպէս` Պոլսոյ Գումքափու թաղամասի պատրիարքարանի եկեղեցին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ կարեւոր դեր կատարած է 1915-ի դէպքերուն գաւառներէն Պոլիս ապաստանած հայ գաղթականներու պատսպարման մէջ: Նաեւ` Սկիւտարի Ս. Յովհաննու, Կէտիկփաշայի Ս. Խաչ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցիները: Սուլթան Մոհամետ Բ. Ֆաթիհի օրով հայեր մեծ մասամբ Պուրսայի մէջ կը գտնուէին եւ Ֆաթիհի կերտել տուած հայոց պատրիարքարանը հոն կը գտնուէր, միայն 120 տարիներ ետք է, որ պատիրարքարանը Պոլիս փոխադրուած է: Կան նաեւ Պեշիկթաշի Ս. Յակոբ, Պէյօղլուի Ս. երրորդութիւն, եկեղեցիները: Դպրոցներէն կան Կեդրոնական վարժարանը, որ կրթական, մշակութային կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է, նաեւ` Սահակեան-Նունեան վարժարանը, ուր լոյս տեսած է Պոլսոյ առաջին հայերէն պարբերականը: Կայ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը, որ բաւական մեծ է, կ՛ընդգրկէ եկեղեցի մը, ծերանոց, հոգեբուժարան եւ հիւանդանոց, ուր կը գործեն հայ, թուրք, յոյն եւ հրեայ բժիշկներ: Կան նաեւ` Եսայեան, Մխիթարեան, Գալֆայեան, Պեզճեան եւ այլ վարժարաններ:

Կայ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին վախճանեալ հայ պատրիարքներ: Կայ նաեւ Պալըգլիի գերեզմանատունը, ուր թաղուած է Հրանդ Տինք: Աւելի քան հարիւրամեայ` «Ժամանակ»-ը օրաթերթը եւ «Ակօս» շաբաթաթերթը, «Արաս» հրատարակչատունը հայերէն եւ թրքերէն գիրքեր կը հրատարակէ: Կայ նաեւ թրքալեզու «Փարոս» պարբերաթերթը: Կան «Ակօս» եւ «Նոր Զարթօնք» ձայնասփիւռի կայանները: Վերջին 3-4 տարիներուն հետզհետէ կը կազմուին Վագըֆլը, Տերսիմ, Սասուն եւ այլ հայրենակցական միութիւններ: Ունինք «Ժպիտ» հանդէսով: Այս հաստատութիւնները կը գործեն առանց ազգայն սահմանադրութեան, որ 1860-ական թուականներէն կը վարէր հայ հասարակական կեանքը: Բայց 1915-էն ետք չի գործեր:

Միլտանօղլու իր զեկուցումը փակեց հարց տալով` «այս դատը ե՞րբ պիտի վերսկսի»: Ապա խօսք առաւ պոլսահայ հասարակական գործիչ, կրթական մշակ Տիգրան Ալթուն, որ իր կարգին խօսեցաւ պոլսահայութեան լաւ ու դառն օրերուն մասին, յատկապէս 1915-էն ետք: Ան խօսեցաւ Եղեռնի շրջանին գաւառներէն Պոլիս ապաստանած հայու բեկորներու ապրուստի դառն պայմաններուն, 1938-ի, 1955-56-ի, 1964-ի դէպքերուն հայոց վրայ ունեցած հետեւանքներուն մասին: Տիգրան Ալթուն նշեց, որ պոլսահայերը խորքին մէջ կը կազմեն դարերէ ի վեր Պոլսոյ մէջ հաստատուած, ազնուական, բարեկեցիկ, մշակութային հարուստ գործունէութեամբ ու ենթահողով իրակա՛ն պոլսահայերը եւ` գաւառներէն եկած խեղճուկրակ հայու բեկորները, որոնք թէեւ ժամանակի ընթացքին նիւթապէս բարելաւուեցան, սակայն մշակութային, հասարակական գործունէութեան ատակութիւնը կը պակսէր անոնց: Մինչեւ 1962 գործած Ազգային պատգամաւորական ժողովը իր հայկական սահմանադրութեամբ, որ պետական հարուածի շրջանին արգիլուեցաւ` «պետութեան մէջ պետութիւն» ունենալու պատրուակով: Ալթուն մտահոգութիւն յայտնեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքի առողջական կացութեան ու անոր հետեւանքներուն գծով: Ան խիստ բարձր գնահատեց պոլասահայ լրագրող, «Ակօս»-ի նախկին սեփականատէր, յունուար 2007-ին նահատակուած մտաւորական Հրանդ Տինքի ներգործօն դերը` նշելով, որ այսօր կարելի է ըսել «Հրանդ Տինքէն առաջ» եւ «Հրանդ Տինքէն ետք», այնպէս ինչպէս կ՛ըսենք` «Քրիստոսէ առաջ» եւ «Քրիստոսէ ետք»: Ալթուն ընդգծեց, որ ներկայիս պոլսահայութեան եւ համայն աշխարհի մէջ հայկական ամէնէն մեծ հաստատութիւնը Ս. Փրկիչ Ազգային` հիւանդանոցն է: «Պոլսոյ մէջ հայ ծնիլը դժբախտութիւն է, բայց հայ ծերանալը` բախտ»:

Երրորդ զեկուցաբեր-բանախօսն էր կրթական մշակ Սարգիս Կիւլեկեչ, որ մանրամասն զեկուցեց պոլսահայ կրթական մարզին մասին, ուր կան շուրջ երեք հազար հայ աշակերտներ եւ նոյնքան ալ` ոչ հակական օտար վարժարաններու մէջ:

Ապա զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

Ուրբաթ, 11 ապրիլին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, Զաքարիա Միլտանօղլու ներկայացուց «Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն… 1794-1980» նիւթով դասախօսութիւն մը: Միլտանօղլու նկարներու ընկերակցութեամբ անդրադարձաւ 42 երկիրներու մէջ հրապարակուած հայերէն թերթերու, հանդէսներու, կնոջական, մարզական, գրական եւ այլ մարզերու պարբերաթերթերու:

Պոլսահայ Գաղութին Նուիրուած Ձեռնարկ`
Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Համազգային Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ գաղութին նուիրուած ձեռնարկ մը:

Ձեռնարկին զեկուցաբերներն էին Տիգրան Ալթուն, Սարգիս Կիւլեկեչ եւ Զաքարիա Միլտանօղլու:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան: Ան ըսաւ թէ այս ձեռնարկը կազմակերպելու նպատակը եղած է Լիբանանի հայութեան մօտէն ծանօթացնել պոլսահայ գաղութի իրավիճակը: Ապա ան ներկայացուց  զեկուցաբերները:

Լուսանկարներու ընկերակցութեամբ Զաքարիա Միլտանօղլու  ներկայացուց Կեսարիոյ եւ  Մուշի   աւերակ վիճակի մէջ  գտնուող հայկական եկեղեցիները, շուկաները, թաղամասերը, դպրոցները, վանքերը եւ տուները: Ան նաեւ ներկայացուց Պոլսոյ մէջ ներկայիս գտնուող հայկական կառոյցները, եկեղեցիները հիւանդանոցները, ակումբները եւ գործող միութիւններն ու  թերթերը:

Յաջորդ զեկուցաբերը եղաւ Տիգրան Ալթուն, որ ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ հայկական գաղութին ներկայ իրավիճակը: Ան ներկայացուց հայկական միութիւնները, դպրոցները եւ մշակութային կեդրոնները`  կեդրոնանալով անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ:

Ձեռնարկին աւարտին ներկաները առիթը ունեցան նիւթին առնչութեամբ տարբեր հարցումներ ուղղելու զեկուցաբերներուն:

Related Post