Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Շահէ Արա Երեւանեանի, Ուրբաթ, 9 Մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» հանդիսասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցը, պարուսոյց եւ գեղարուեստական պատասխանատու` Պետրոս եւ Անահիտ Կարապետեան ամոլ:

Յայտագիրը, որ բաժնուած էր 2 մասի կը բովանդակէր ազգագրական, հայրենասիրական, ժողովրդական, օտար եւ այլ պարեր:

Արդարեւ, 12 խումբերու բաժնուած «Գայեանէ» պարի դպրոցի 209 աշակերտները մեկնաբանեցին «Թող արեւ լինի», «Զանգեզուրի», «Հայ ենք մենք», «Կռունկներ», «Կատրիլ», «Սարի ճամբով», «Արցախ», «Իմ անուշ տաւիղ», «Երեւան ջան», «Եաման եար», «Հայրենասիրական պար», «Հովիւներու պար», «Փափուրի», Անուրջներ», «Ազգագրական պար», «Էլեգիա», «Սիրթաքի», «Գարուն Երեւան», «Հայաստանը դու ես», «Վարդագոյն աղջիկներու պար» եւ «Մենք ենք» պարերը:

Պետրոս եւ Անահիտ Կարապետեաններու հսկողութեան ներքեւ «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի աշակերտները յաջողապէս կատարեցին 21 պարերը, որոնց յաւելեալ փայլք տուած էին տարազներու այլազանութիւնը, նրբաճաշակ ձեւերը եւ գոյները:

Ելոյթները շարունակուեցան Շաբաթ 10 եւ Կիրակի 11 Մայիսին նոյն վայրին մէջ:

Related Post