Հինգշաբթի, 29 Յունուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայրենի երիտասարդ գեղանկարիչներ Գայ Ղազանչեանի, Արփի Վարդանեանի եւ Ժորա Գասպարեանի «Դէպի ապագայ» թեմայով ցուցահանդէսին:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, դեսպանատան անձնակազմէն ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթեց արուեստագէտներուն` շեշտելով, որ Համազգայինի ցուցասրահին առաքելութեան մաս կը կազմէ հայրենի եւ սփիւռքահայ երիտասարդ ուժերու, տաղանդներու նեցուկ հանդիսանալու եւ անոնց տաղանդին յայտնաբերման մասնակից դառնալու հանգամանքը: Ան աւելցուց, որ այս մեկնակէտով է, որ այսօր կը կազմակերպուի այս ցուցահանդէսը` միաժամանակ հաստատելով, որ ներկայացուած գործերուն ընդմէջէն արուեստասէրը պիտի տեսնէ արդէն իսկ կայացած գեղանկարիչը, որ հաստատակամ մուտք կը գործէ այս մարզին մէջ եւ այժմէն իսկ ցոյց կու տայ բարձունքներ նուաճելու իր ինքնավստահ որոշումը:

Իրենց երախտագիտական խօսքերը փոխանցեցին արուեստագէտներ Գայ Ղազանչեան եւ Ժորա Գասպարեան: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին այս ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, ինչպէս նաեւ այն բոլոր անհատներուն եւ յատկապէս ցուցասրահի տնօրէնութեան, որոնք սատարեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան: Աւարտին անոնք իրենց հիացմունքը յայտնեցին լիբանանահայ գաղութի մասին եւ փոխանցեցին իրենց խանդավառ տպաւորութիւնները:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 12 Փետրուար 2015: Համազգայինի զոյգ յարկերուն վրայ  կը ցուցադրուին երեք արուեստագէտներու 44 գործերը: Ցուցասրահը բաց է ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Related Post